Արա Նաճարեան Կլենտէյլի Քաղաքապետ Ընտրուած է

Աշխարհ, Սփիւռք

ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Արա Նաճարեան ընտրուած է Կլենտէյլի քաղաքապետ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը հաղորդէ myglendalecitynews.org-ը, ըստ որուն, Նաճարեանը՝ այդ պաշտօնով՝ կը փոխարինէ Զարեհ Սինանեանը:

Արա Նաճարեան Կլենտէյլի քաղաքապետի պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ 4-րդ անգամ ըլլալով: Առաջին անգամ ան Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուած է 2005 Ապրիլին:

«Ես իսկապէս շնորհակալ եմ քաղաքապետ ընտրուելու հնարաւորութեան համար: Ես սերտ համագործակցութեան յոյս ունիմ իմ գործընկերներու եւ քաղաքային խորհուրդի աշխատակիցներու հետ՝ Կլենտէյլը իբրեւ իւրայատուկ վայր պահպանելու հարցով»,- ըսած է Նաճարեան: