Ատրպէյճանի Համբերութիւնը Սահման Ունի. Հաճիեւ

Աշխարհ

Մարտ 18 -ին, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան տրուած հարզացրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ ազդարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան լուծման գծով Պաքուի «համբերութիւնը սահման ունի»՝ աւելցնելով, որ «Հայաստանի զինուած ուժերը պէտք է լքեն Ատրպէյճանի հողերը՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն համապատասխան»:

Անոր համաձայն՝ Պաքու 25 տարի է ի վեր հանդէս կու գայ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ, ցաւ յայտնելով, որ «Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը կը կրկնէ Սարգսեանի եւ Քոչարեանի սխալները՝ հանդէս գալով այնպիսի յայտարարութիւններով, որոնք կը խափանեն բանակցային գործընթացը», կոչ ընելով միջազգային հանրութեան, որ այս գծով ճնշում բանեցնեն Երեւանի վրայ։