Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչը ԱՄՆ Փոխնախագահին Հետ Զրուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով տնօրէն Ռաֆֆի Գարագաշեան Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային:

Ինչպէս կ՛ըսուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ֆէյսպուքեան յայտարարութեան մէջ, Հինգշաբթի Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Գարագաշեան ԱՄՆ փոխնախագահին կոչ ուղղած է աջակցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պատշաճ ոգեշնչման:

Անոնք ընդգծած են նաեւ Թրամփի եւ Փենսի վարչակազմի կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բնակող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն աջակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը: