Հայկական Բլուր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

«Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

 

Պետրոս Ալթունեանը ծնած է Շումէն, Պուլկարիա: Անոր մեծ ծնողքը եկած են Կայսերիայէն: Ան հոգեւոր եւ ձեռնադրեալ հովիւ է Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ ստանձնած է նոյն համայնքի համայնքապետի պատասխանատու պաշտօնը: Պուլկարիոյ մէջ կը գործեն չորս հայ աւետարանական եկեղեցիներ:

Պետրոս ապրած է Պուլկարիոյ համայնավար վարչակարգի օրերը, ուր իր կեանքը այդքան ալ «դիւրին» չէ եղած այդ ժամանակահատուածի ընթացքին:

«Մեր օրերուն եկեղեցական առաքելութիւնը բաւական դժուար էր», ըսաւ Պետրոս: Բայց ան դիմագրաւած է բոլոր մարտահրաւէրները, քանի որ հաւատացած է առաքելութեան: «Հայրս ալ հոգեւոր-եկեղեցական գործի մէջ էր»,- շարունակեց Պետրոս: – Յիսունական տարիներուն հայրս առիթը ունեցած է Պուլկարիայէն դուրս գալու եւ Ամերիկա մեկնելու: Բայց ան մերժած է»: Իսկ հօրը մերժե՞լը… «Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Եւ այս «գործը» այսօր Պետրոս պահած է որպէս իր հօրմէ աւանդ: Ան այսօր կը շարունակէ հաւատքով աշխատիլ իր երկրին ու անոր մէջ ապրող հայ իրականութեան համար: Իսկ Պետրոսի հաւա՞տքը: «Մեր հայ ազգը մեծ հարստութիւն մը ունի, որ Աստուածաշունչն է»,- ըսաւ Պետրոս: Աստուածաշունչը եւ անոր մէջի ապրող հաւատքը մեզ կենդանի պահած են մինչեւ այսօր: Պէտք է շարունակենք տարածել զայն մեր ժողովուրդին մէջ»:

Պետրոս կը խօսի հայերէն: «Բայց կը ցաւիմ, որ զրկուեցայ սորվելէ հայերէնի բառապաշարի հարստութիւնը: Մեր օրերուն շատ դժուար էր ազգային լեզու եւ պատմութիւն իւրացնելը», ըսաւ ան:

Պուլկարիա այսօր մաս կը կազմէ Եւրոպական միութեան: Բայց կար մէջս հետաքրքրական զգացում, որ շատ զգուշաւոր ձեւով փորձեցի բաժնեկցիլ տեղացիներուն հետ իմ կեցութեանս ընթացքին: Կրնայի տեսնել, թէ Պուլկարիա, այսպէս ըսած, «անուանական» ձեւով անցած է համայնավար վարչակարգէն դէպի Եւրոպական Միութիւնը: Շատ մը ձեւերով տակաւին կը զգաս, որ երկիրը պահած է իր անցեալի դիմագիծը… Պուլկարիա հինգ հարիւր տարի մնացած է օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ այդ ժամանակաշրջանը առիթ չէ տուած, որ երկիրը բարգաւաճի` ըստ պատշաճի: Պետրոսը չուշացաւ կիսելու իմ ստացած տպաւորութիւնը: «Պուլկարացիները միշտ ալ երախտապարտ մնացած են, որ Ռուսիա զիրենք ազատած է օսմանեան տիրապետութենէն,- ըսաւ Պետրոս:

– Նմանութիւններ կան պուլկարերէնի եւ ռուսերէնի միչեւ` որպէս սլաւոնական լեզուներ: Եւ այս իմաստով երկիրը կը մնայ այդ անցեալի խորհրդային-ռուսական շուքին, բայց նաեւ` երախտագիտական մթնոլորտին տակ»:

Սոֆիա` Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը ունի հազար ու քիչ մը աւելի հաշուող հայութիւն: Բայց հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը կեդրոնացած է Փլովտիւ, որ երեւի կը հաշուէ մօտաւորապէս վեց հազար հայ:

 

Փլովտիւը ունի մշակութային մեծ եւ հին պատմութիւն: Ան այս տարի հռչակուած է Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք: Բայց Փլովտիւը ունի իւրայատուկ աշխարհագրական տարածք. քաղաքը կազմուած է վեց բլուրներէ, որոնցմէն մին կը կոչուի Հայկական բլուր: Հոն, ուր հայեր համախմբուած են ու կ՛ապրին մինչեւ այսօր, եւ ուր նաեւ կան` Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, հայկական վարժարանը, մշակութային կեդրոնը, խաչքար ու տակաւին… Վերջապէս, Հայկական բլուրը փոքր Հայաստան մըն է… Փլովտիւի մէջ:

Տէր Հրաչը հոգեւոր հովիւն է Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին: «Աստուծոյ ծառայ ըլլալը պատիւ է», տէր հայրն է խօսողը: Կը զրուցէի երիտասարդ կղերականի մը հետ, որ եկած է Հայաստանէն: Անոր աչքերուն մէջ կրնայի տեսնել նուիրում` իր հաւատքին ու ծառայութեան նկատմամբ: «Պատարագը ամբողջութեամբ հայերէնով է», ըսաւ ան: Բայց տէր Հրաչ չի բաւականանար միայն պատարագի արարողութեամբ:

«Պատարագէն ետք ժողովուրդը կը հաւաքեմ քովի սրահը` հաղորդակցութեան համար, բայց նաեւ` հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային այլ նիւթերու սերտողութեան համար», ըսաւ տէր Հրաչ:

Հայը գոյապայքարի ընթացքին պէտք ունի յաւելեալ միջոցառումներու եւ զոհողութեանդ: Տէր Հրաչ ապրող մէկ լաւ օրինակն է այդ զոհողութեան…

Բայց այս զոհողութիւնը ան ժառանգած է իր եկեղեցւոյ պատմութենէն: Տէր Հրաչին հետ շրջագայեցայ եկեղեցւոյ թանգարանի տարբեր բաժինները, բոլոր մասունք-սրբութիւնները, զորս հայեր տեղահանութենէն ետք իրենց հետ «շալկած» եւ բերած են Փլովտիւ…« Ռոտոսթոյէն եւ Մարկալայէն հայեր տեղահանուած են եւ հասած` Փլովտիւ», ըսաւ տէր Հրաչ: «Բայց անոնք իրենց հետ նաեւ բերած են իրենց ազգային սրբութիւններն ու հարստութիւնները: Դիտելով այդ բոլոր ցուցադրուած եկեղեցական-պատմական իրերը` կը սքանչանաս հայուն մշակոյթով եւ ազգային «արժանապատուութեան» պահպանման համար: Հայը ոչ միայն իր անձին փրկութեան մասին մտածած է Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան օրերուն, այլ նաեւ` իր մշակութային արժէքներուն: Այս ի՞նչ քաջութիւն եւ անձնազոհողութիւն, որ անոնք այս բոլորը բերած են իրենց հետ մինչեւ…Փլովտիւ: Բերած են, որպէսզի հայը շարունակէ ապրիլ… Ապրիլ  իր ինքնութեան եւ մշակոյթի հարազատութեան մէջ:

«Այս ամբողջ հարստութիւնը պահուած մնացած է համայնավար վարչակարգի օրերուն», ըսաւ տէր Հրաչ: «Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական պետական կրօն հռչակման հազար եօթը հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով էր, որ դուրս հանուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ այս թանգարանը», ըսաւ ան:

Փլովտիւի այս թանգարանը հինգերորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի հայկական եկեղեցական բոլոր թանգարաններուն մէջ` իր հաւաքածոյի հարստութեամբ:

Եւ կային իմ մտորումներս: Իսկ մենք այսօր… Հապա՞ վաղը… Պիտի կարենա՞նք պահել այս ամբողջ հարստութիւնը… ժառանգը… ոչ միայն ֆիզիքական իմաստով… այլ` անոնց հոգին… ինքնութիւնը…: Ու տակաւին` այն քաջութիւնը եւ զոհաբերութիւնը, որ մեր մեծ ծնողները ստանձնեցին, որպէսզի մենք ապրինք… «Տոն Քիշոթին նման պայքար կը մղենք», ըսաւ Սիմոն Թիւթելեանը` Ազգային Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան վարժարանի տնօրէնը: Ասիկա միակ հայկական վարժարանն է Պուլկարիոյ մէջ: Երկու հարիւր ութսուն աշակերտ ունեցող այս վարժարանը շաբաթը միայն չորս ժամ հայերէն կը դասաւանդէ: Չկայ հայոց պատմութեան, կրօնի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան դասապահ:

«Աշակերտները դպրոցի բակին մէջ արդէն պուլկարերէն կը խօսին իրարու հետ,- ըսաւ Սիմոն: – Այս ձեւով լեզու մը չենք կրնար պահել»: Սիմոնի հետ մեր զրոյցը մէկ-մէկ կ՛անցնէր յուսահատական մթնոլորտներէ, որոնցմէ մէկը. « Բոլոր յոյսերը թող անցեալին անցնին»: Բայց այս բոլորին մէջէն չուշացաւ նաեւ վճռակամութիւնը: «Ես իմ ճակատագիրս ունիմ եւ պիտի շարունակեմ»:

«Վահան» շաբաթաթերթը հիմնուած է 1991 թուականին: Սահակ Չալըգեանը խմբագրական կազմի անդամներէն մէկն է: Տան դաստիարակութիւնը մեծ եղած է, ուր ան հայերէնին լաւ տիրապետած է: « Ազգային կեանքը մարդը կը դաստիարակէ,- ըսաւ Սահակ: Բայց կարեւոր է, որ հետեւիս կարգ ու կանոնին»: Իսկ թէ ո՞րն է կարգ ու կանոնը… տո՞ւնը… հետեւողական դաստիարակութի՞ւնը… «Մամուլը ուղղակի կապն է ազգին հետ», կը հաւատայ Սահակ: «Վահան» շաբաթաթերթը տասներկու էջ է եւ կը պարփակէ իր մէջ չորս էջ հայերէն: «Եթէ մէկ հայ պիտի փրկենք, պէտք է զայն ընենք», վճռականօրէն ըսաւ Սահակը` հաւատալով իր ու մամուլի առաքելութեան:

Վարդանուշ Թոփաքպաշեանը խմբագիրն է «Երեւան» թերթին, որ հիմնուած է 1944 թուականին: Թերթը ստիպուած է իր մէջ ներառել պուլկարերէն բաժինը, բայց Վարդանուշ հայերէն բաժինը միացուցած է տեղական լեզուին եւ նոյն էջին. «Այս ձեւով հայը, որ պուլկարերէն բաժինը կը կարդայ, կրնայ նոյն էջին վրայ նաեւ տեսնել հայերէնը եւ փորձէ կարդալ», ըսաւ Վարդանուշ, բայց չուշացան նաեւ Վարդանուշին մտահոգութիւնները:

«Երեւի տակաւին երկու տարի մը եւս կրնանք տոկալ տպագիր այս մեր թերթը հրատարակելու մէջ,- ըսաւ Վարդանուշ: – Բաժանորդներուն թիւը կը նուազի, բայց նաեւ` նուիրատուներուն»: Վարդանուշին մտահոգութիւնները մեր համահայկական տպագիր մամուլի մարտահրաւէրներէն են: Ինք բացառութիւն չէր կրնար կազմել:

Սոնա Աւագեան-Պետրոսեանը նախագահն է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Սոֆիայի մասնաճիւղին: Միութեան եւ գաղութի կարգ մը անդամներուն հետ մեր հանդիպումին ան ընդգծեց. «Հայը պէտք է վերապրի իր հաւատքը, որպէսզի վերագտնէ իր ինքնութիւնը, իր պատմութիւնը եւ յուշերը: Հաւատքն է, որ մեր «ես»-երը պիտի ուղղէ ճիշդ ճամբուն մէջ»:

Ռատի Ափոսթոլովը Պուլկարիոյ մեր Աստուածաշունչի ընկերութեանը գրասենեակի տնօրէն գործակիցն է: Ան ընկերակցեցաւ իմ հանդիպումներուս` Պուլկարիա այցելութեանս ընթացքին: Բայց Ռատին ալ ունէր իր վկայութիւնը: «Դպրոցական տարիներէս արդէն լսած էի հայերու մասին»,- ըսաւ ան: – Մենք սորված ենք պուլկար գրող Փէյօ Եաւորոֆի մէկ բանաստեղծութիւնը`«Արմէնսէ» (Հայեր) գրական գործը: Փէյօ գրած է այս բանաստեղծութիւնը մեծ յարգանքով եւ սքանչացումով` հայ ժողովուրդին նկատմամբ», եզրափակեց Ռատին:

Փէյօ Եաւորոֆի կիսանդրին կանգնած է այսօր հայկական բլուրին վրայ: Եթէ պուլկար բանաստեղծը սքանչացած է հայուն եւ անոր մշակութային արժէքին վրայ, հապա մե՞նք, հայե՞րս: Պուլկարիա ու տակաւին քիչ մը ամէն տե՞ղ…

Հայն ալ պարտի ու պիտի «սքանչանայ» իր մշակոյթով: Հայն ալ պարտի ու պիտի տածէ իր «յարգանքը» իր արժէքներով լեցուն կեանքին վրայ: Ե՛ւ «սքանչացումը», ե՛ւ «յարգանքը» ունին կարեւոր պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն:

Հայկական բլուրը, հոն, ուր հայուն արժէքի եւ ինքնութեան կեանքերը կը կերտուին: Եւ այս բոլորը պէտք է պահպանուին:

Եւ Հայկական բլո՞ւրը: Եթէ Փլովտիւ է, բայց քիչ մը` ամէն տեղ, հոն ուր հայ կայ:

«Մենք հոս գործ ունինք ընելիք»:

Իսկ գո՞րծը…

Հայկական բլուրը ամուր պահելն է: Փլովտիւ, բայց` ամէն տեղ, ուր որ հայեր եւ հայկական բլուրներ կան:

Եւ Հայկական բլուր(ներ)ը ամուր պահելով է, որ կը շարունակուի հայուն երթը…