Արամ Ա. Կոթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի

Սփիւռք

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:

Մտերմիկ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած երկար հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր քննութեան ենթարկելու Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց յառաջիկայ հանգրուանի առնչուած խնդիրներ ու մօտեցումներ: