Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

Սփիւռք

Երէկ` Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը:

Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու Հայ դատին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: