Եթէ Հայաստան Եւ Բազմածալ Սփիւռք(ներ)ը Լսէին Եւ… Հասկնային

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

ԵԹԷ…ն կախարդական բառ մըն է, եսի եւ եսերու զոհ չըլլալու եւ չչարանալու առաջին քայլը:

Երբ ականջ կու տանք հայ մարդոց խօսքին, կը հետեւինք անոնց գործին եւ զիրար խծբծող եւ կճող պայքարներուն, կը հաշուենք պատնէշներու ետին կանգնածներու  նետարձակումները, յաճախ նաեւ ցեխարձակումները, կը հասկնանք,- կը հասկնա՞նք,- մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած եւ ծառացող դժուարութիւնները, որոնց պատճառները նախ պէտք է փնտռենք մենք մեր մէջ: Ի՞նչ կը մտածենք երբ կը տեսնենք հայրենիք լքողներու ամբոխը եւ օտար աշխարհները հայրենիք համարող պարտուածները: Կը մտածե՞նք, կ՛անհանգստանա՞նք, կ՛անհանգստացնե՞նք:

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ մեր թերթերը երբեմն իրենց խմբագրականներու էջին վրայ եւ անոնց փոխարէն Ռիւտեարտ Քիփլինկի ԵԹԷ բանաստեղծութիւնը հրատարակէին, Մուշեղ Իշխանի կողմէ այնքա՜ն ջերմութեամբ եւ հարազատութեամբ հայացուած: Ոչ միայն թերթերը հրատարակէին ԵԹԷ…ն, այլ մեր ժողովներուն, պետութեան Ազգային ժողովէն մինչեւ կրօնական, կուսակցական, միութենական, մարզական, հայրենակցական ժողովներու բացման նիստին կարդային ԵԹԷ…ն: Մեծերու մեծադիր նկարներու կողքին կախէինք այս ԵԹԷն… հայերէնով: Եթէ անհրաժեշտ համարուի, կարելի է կարդալ անգլերէն բնագիրը եւ շատ գեղեցիկ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը:

Եթէ միշտ ի մտի ունենայինք, որ թէեւ մրրիկով զատուած, մէկ ենք…

Եթէ բաւական ողջմտութիւն եւ հայրենասիրութիւն ունենայինք, հայրենալքումի խուճապին անձնատուր չէինք ըլլար…

Եթէ գիտնայինք, թէ ի՛նչ է ի վերջոյ Սփիւռք կոչուած անհեթեթութեան վախճանը, հայրենատէր կ՛ըլլայինք, «հայրենասէր տուրիստ» չէինք ըլլար, հեռուէն դիտելով եւ հեռուն նստած խելքաբաշխութիւն չէինք ըներ…

Եթէ գիտնայինք որ ամէն տեսակի խոստումները յանձնառու չեն դարձներ խոստացողները, այլ՝ հաւատացողները, աւելի իրապաշտ կ՛ըլլայինք, ճիշդ ուղղութիւն կ՛որդեգրէինք, ճիշդ ընտրութիւն կ՛ընէինք…

Եթէ գիտնայինք, որ առանց հայրերու լեզուին մեզ կը սպասէ այլասերումը, օտար լեզուներով բարբառիլը սնապարծութիւն չէինք դարձներ, այդ ալ չէինք ցուցադրեր նոր կօշիկի կամ նոր գլխարկի պէս…

Եթէ լսած ըլլայինք Խրիմեանի Պապիկին տուած խրատը, որ ան անհող չմնայ, հասկցած կ՛ըլլայինք, որ առանց հողի փարիա ենք, գնչու, նոյնիսկ եթէ մեր գրպանի կապարճին մէջ ունինք անձնագիրներ, կալուածագիրներ…

Եթէ լսած եւ հասկցած ըլլայինք հայատրոփ բանաստեղծին պատգամը, որ մեր ազգի փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է, Պեվըրլի Հիլզէն կամ Նոր Զելանտայէն հնչող հայերէն երգի արձագանգով չէինք գինովնար եւ հայրենատէր կ՛ըլլայինք հայրենի հողին վրայ…

Եթէ իրաւ հայրենասէր ըլլայինք չէինք հպարտանար հայրենիքի սահման պահող եւ երբեմն ալ հոն զոհուող զինուորով, մենք ալ հոն կ՛ըլլայինք հաւաքական հպարտութեան համար…

Եթէ չեզրակացնէինք, որ մեր իրաւազրկումները անվերադարձ են, հայրենիքի ամբողջացումը՝ անկարելի, եւ չհետեւէինք Ձէնով Օհանի պարտուողականութեան եւ չանցնէինք Մսրայ Մելիքի եւ այլ Մելիքներու սուրին տակէն…

Եթէ ընկեցիկի հոգեբանութեամբ չորդեգրէինք օտար լեզուները ի հեճուկս հայերէնի, մեր ինքնութիւնը անխաթար կը մնար, չէինք ըլլար, առաւել կամ նուազ չափերով՝ ծագումով հայեր…

Եթէ լաւ ապրելու նպատակին չզոհէինք ազգի բազմացումը, չէինք դատապարտուեր փոքրամասնութիւն ըլլալու անզօրութեան…

Եթէ հասկնայինք, որ Սփիւռքը ազգի տեսանկիւնէն աքսոր է, եւ արտագաղթը՝ կամաւոր աքսոր, այսօրուան հայրենի տարածքներու, Հայաստանի եւ Արցախի, իւրաքանչիւր թիզ հողը բնակուած կ՛ըլլար, եւ մենք չէինք ըլլար ուրիշներու հայրենիքին հանդուրժուած հիւրերը…

Եթէ համազգային արթնութեամբ եւ քաջութեամբ, մեր կարողութիւնները իմացական-գիտական-ճարտարագիտական եւ նիւթական հարստութիւնները ծառայեցնէինք ազգին եւ հայրենիքին՝ ֆէտայիի անձնազոհութեամբ, մենք կը նուաճէինք հզօրութիւն եւ հպարտութիւն, լումաներու համար մեր պնակը չէինք բռներ օտարին առջեւ…

Եթէ հասնէինք եւ մեր ժողովուրդը հասցնէինք այն իմաստութեան, որ ապրելու համար մեռնիլ պէտք է գիտնալ, որ բնութեան կարգն է…

Գալիք սերունդներուն կը կտակէինք բարօրութիւն, հզօրութիւն, ապահովութիւն եւ ազգէն ու հայրենիքէն չփախչելու հպարտութիւն…

Քիփլինկ խօսած է, Մուշեղ Իշխան թարգմանած է: Չյուզուինք եւ չծափահարենք միայն, այլ մենք մեզի համար կրկնենք եւ բազմացնենք «եթէ»ները որպէսզի կարենանք ճակատաբաց կրկնել Քիփլինկի միտքը.

Քո՛ւկդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար

Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:

Այն ատեն հայոց նահապետները, արքաները, հերոսները, մեծերը, մեր Քիփլինկները, ժամանակին վրայ սաւառնելով մեզի կ՛ըսեն. Հայ էք, Մարդ էք, Հայկի սերունդ էք, ձերն է բանաստեղծներուն երգած մայր հայրենիքը, Երկիր Նայիրին.

Կ՛ըլլանք հարազատ երկրի հարազատ տէրերը.

Այս ազգային արմատներու հաւատարմութեան վրայ հիմնուած գաղափարախօսութիւն է, ոչ յուշագրութիւն, ոչ շաբաթավերջի կամ ամպագոռգոռ ժողովներու ճառ, ոչ միջին ճամբաներու բան չնշանակող բազմագոյն բաճկոններու գործնապաշտութիւն:

Որպէսզի մենք ըլլանք մենք եւ մնանք մենք: