Բագրատունի Ընտրուեցաւ Դատական Գերագոյն Ատեանի Անդամ

Սփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի  խորհրդարանի այսօրուան նիստին ընթացքին 95 քուէներով ընտրուեցաւ նախագահներու եւ նախարարներու դատական գերագոյն ատեանի անդամ, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։