Հայաստանի Երկու Օդակայաններուն Մէջ Փետրուարին Ուղեւորահոսքը Աճած է 11.6 Տոկոսով

Հայաստան

ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ, ընթացիկ տարուան Փետրուարին, ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 166,451 մարդ՝ 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 11.6 տոկոսով:

«Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ տեղեկութիւններով՝ 2019 Փետրուարին, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, «Զուարթնոց»ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 12.4 տոկոսով: 2018 Փետրուարին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 139,216 ուղեւոր, 2019  Փետրուարի ցուցանիշը կը կազմէ 156,452 ուղեւոր:

2019 Փետրուարին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 9999 մարդ: 2018-ի նոյն ամսուան 9941 ուղեւորահոսքի համեմատ՝ աճը կազմած է 0.6 տոկոս: