
Իրանական Կայքը Բացայայտած է Ատրպէյճանի Հերթական Սուտ Քարոզչութիւնը
Իրանական լրատուամիջոցը բացայայտած է Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող կեղծ քարոզչութեան հերթական դրսեւորումը` խայտառակ իրավիճակի մէջ դնելով Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Պունիատ Հուսէյնովը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, իրանական «Ազարիհա» կայքը բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ Խոճալուի դէպքերուն հետ կապուած Թեհրանի մէջ կազմակերպուած լուսանկարչական ցուցահանդէսին ցուցադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վկայող լուսանկար :
«Տարօրինակ դէպք տեղի ունեցած է Թեհրանի մէջ կազմակերպուած այս տարուան լուսանկարչական ցուցահանդէսին, որը կազմակերպուած էր Պաքուի դեսպանատան կողմէ եւ որուն կը մասնակցէին այդ երկրի դեսպանը եւ Պաքուի մէջ աշխատած քանի մը նախկին իրանցի դիւանագէտներ: Տարօրինակը այն է, որ պատկերասրահին մէջ ցուցադրուած քանի մը նկարներ գողցուած նկարներ են, որոնք փաստօրէն կը պատկանին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, որոնք Պաքուի կառավարութիւնը ներկայացուցած է որպէս Խոճալուի զոհեր»,- «Ստախօս հովիւը» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ գրած է իրանական կայքը:
Իրանական կայքը կ՛աւելցնէ, որ ցուցահանդէսին ներառուած է չոր անապատի մէջ մահացած երեխային առջեւ ծունկի իջած կնոջ պատկերը, մինչդեռ Խոճալուն կը գտնուի Աղտամի եւ Ասկերանի միջեւ կիսալեռնային ցուրտ եւ ձնապատուած տարածքի մը մէջ: «Լուսանկարին հետազօտութիւնը պարզեց, որ անիկա կը պատկերէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու` դէպի Սուրիա, Հալէպ բռնագաղթը. լուսանկարը վերցուած է ԱՄՆ Քոնկրեսի գրադարանէն»,- գրած է կայքը:
Ան նաեւ գրած է, որ վերջին տարիներուն Թուրքիան եւ Պաքուն, Խոճալուի ողբերգութիւնը ուռճացնելով, փորձած են դէպքերը հաւասարեցնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: