Բուն Բարեկենդանին Եպիսկոպոսական Պատարագ Պիտի Մատուցուի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ի օրը Բուն Բարեկենդան է, իսկ Երկուշաբթի, 4 Մարտին կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։

Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Մեծ Պահքի շրջանին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոյ՝ Հսկումի արարողութիւն:

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, առաջնորդ սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի ժամերգութեան եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Արարողութենէն ետք, դարձեալ տարիներու աւանդութեան համաձայն, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը, որուն պիտի նախագահէ առաջնորդ սրբազանը եւ ուղղէ իր պատգամը։