«Ի Հեճուկս «Բոլորս Հայ Ենք» Արտայայտութեան՝ Մենք Ալ Պիտի Ըսենք. «Բոլորս Թուրք Ենք». Ֆէյզիօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ փաստաբաններու միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլուն Խոջալուի դէպքերու տարելիցին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին հանդէս եկած է հակահայկական ելոյթով: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sputniknews-ը։

Ան Խոջալուի դէպքերը անուանած է «ցեղասպանութիւն» եւ աւելցուցած, որ Խոջալուի մէջ տեղի ունեցածը կապուած է դաշնակցականներու հետ:

Փաստաբաններու միութեան նախագահին համոզումով` դէպքերու պատասխանատուներէն շատերը յայտնուած են Հայաստանի պետական կառավարչական խաւին մէջ:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Ֆէյզիօղլու համոզումով յայտնած է.

«Ամէն Ապրիլ 24-ին, ժամանակակից երեւնալու համար, կ՝ըսեն «բոլորս հայ ենք» եւ կը փորձեն ստիպել արեւմտեան աշխարհին, որպէսզի ընդունի ատիկա: Ի հեճուկս ատոր՝ մենք ալ պիտի ըսենք. «բոլորս թուրք ենք»: