
Հրանդ Տինք Հիմնարկի Նոր Նախաձեռնութիւնը
Հրանդ Տինք Հիմնարկը եւ հրէական ցեղասպանութիւնը (Հոլսոքոսթը) ուսումնասիրող Shoah հիմնադրամ-հիմնարկը կը ծրագրեն համատեղ նախաձեռնութիւն մը, որու շրջագիծով պատմութեան տեսլական արխիւի մասին ստեղծարար միջոցներ, նորարար մերձեցումներ եւ ականատեսներու վկայութիւններու վերաբերեալ ասուլիսներ, աշխատանոցներ եւ փոխազդեցութեան հիման վրայ ցուցադրութիւններ պիտի կայանան, կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։
Միջոցառումները Սհոահի ծրագիրներու բաժնի վարիչ Քորի Սթրիթ ընկերային պատասխանատւութիւններու մասնագէտ Սետտա Անթեքելեան եւ նախագիծի մասնագէտ Մանուկ Աւետիկեանի մասնակցութեամբ 22 եւ 23 Փետրուարին պիտի կայանայ Անարատ Յղութիւն շէնքի մէջ։
22 Փետրուարի ասուլիսին պիտի քննարկուի Պահպանելէ դէպի ուսուցում վկայութեան մասին աշխատութիւններ, վկայութիւններու հաւաքագրումի, արխիւ պատրաստելու եւ բանաւոր պատմութեան ոլորտներու մէջ նոր հորիզոններ պարզող Shoah հիմնարկի կազմութեան պատմութիւնը եւ այլ նիւթեր։
Իսկ 23 Փետրուարի աշխատանոցը այս նիւթի շուրջ փորձառութիւններու փոխանակման գետին մը պիտի ըլլայ։