
Հայ Դատի Արձագանգը ԱՄԷ-ի Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Խօսակցութիւններուն
Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակը կը հետեւի արաբական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւններուն, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Գրասենեակը ատոնք կը դիտարկէ տարածաշրջանային զարգացումներու շրջանակին մէջ։ «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան կը նշէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին տեղեկութիւններ եղած են նաեւ Եգիպտոսի պարագային, սակայն մինչեւ հիմա յստակ արդիւնք չկայ:
«Եգիպտոսի մէջ, գիտէք, բազմաթիւ անգամներ խօսուեցաւ այն մասին, որ կը նախատեսուի խորհրդարանին մէջ բանաձեւի ընդունում, սակայն այդ ամէնը մնաց զուտ քարոզչական դաշտի վրայ եւ գործնական քայլեր չեղան: Թէ՛ Եգիպտոսի, թէ՛ ԱՄԷ-ի պարագային, ու, ընդհանրապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին այս կամ այն տեղեկութիւններուն մենք զգոյշ կը մօտենանք: Չի բացառուիր, որ այդ յայտարարութիւնները ճնշում գործադրելու քայլեր ըլլան Թուրքիոյ վրայ, իսկ մենք գիտենք, որ այսօր արաբական որոշ երկիրներ լարուած յարաբերութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ»,-կ՛ըսէ Եագուպեան: Ան կը նշէ, որ այդ արաբական երկիրներու շարքին է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որ յարաբերութիւններու դժուար ընթացք ունի Թուրքիոյի հետ:
«Յայտնի է, որ Թուրքիան վերջին տարիներուն արաբական աշխարհի մէջ աջակցեցաւ իսլամականներուն։ Եւ հիմա մրցակցութիւն կայ, թէ արաբական աշխարհի մէջ ով պիտի ըլլայ աւելի ազդեցիկ: Ահա Թուրքիոյ հետ ունեցած խնդիրներու պատճառով մէջտեղ կը բերուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը: Ի հարկէ, կը հետեւինք զարգացումներուն, բայց առայժմ շատ խանդավառուած չենք, որովհետեւ չի բացառուիր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները շտկուին: Գիտէք, որ արաբական որոշ երկիրներու ու Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական հզօր կապեր կան»,-կ՛ըսէ ան:
Վերա Եագուպեան կը նշէ, որ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերէն շատերուն առաջինը ապաստան տուողները որոշ արաբական երկիրներ էին: Այդ նոյն երկիրները հնարաւորութիւն տուին հայերուն հաստատուիլ, ունենալ իրենց եկեղեցին, յուշաքար բանալ, ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: «Այնպէս որ, կրնանք ըսել, որ որոշ արաբական երկիրներ անուղղակի կերպով կ՛ընդունին 1915 թուականի պատմական իրողութիւնը»,-կ՛ըսէ ան:
Եթէ ԱՄԷ-ն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ըստ Վերա Եագուպեանին,ապա ատիկա դուռ կը բանայ միւս արաբական երկիրներու ճանաչման համար:
«Եթէ ճանչնան, ապա աննախադէպ երեւոյթ կ՛ըլլայ արաբական աշխարհի մէջ: Ատիկա կրնայ շղթայական ազդեցութիւն ունենալ, որ միւս արաբական երկիրները եւս նման քայլ նախաձեռնեն: Ամէն պարագայի հիմա դժուար է հասկնալ` արդեօք ԱՄԷ-ն կը ճանչնայ, թէ ոչ»,-կ՛ըսէ ան:
Արաբական մամուլին մէջ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, թէ ԱՄԷ-ն կարելի է ճանչնալ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ հաւանական է յայտարարուի Ապրիլ 24-ին:
Աննա Գզիրեան