Թուրքիոյ Քաղաքաշինութեան Նախարարութիւնը կը Խոստանայ Վերանորոգել Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը խոստանայ վերանորոգել Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ վերջին տարիներուն մեծապէս վնասուած է քրտական բանուորական կուսակցութեան դէմ թրքական ուժայիններու գործողութիւններուն հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Daily Sabah պարբերականը։

Հայկական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ տեղի քաղդէական եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերը կառավարութիւնը վերցուցած է իր վրայ:

Սուրի ղեկավար Ապտուլլահ Չիֆթչին յայտնած է, թէ կ՝ակնկալեն, որ վերանորոգման աշխատանքները, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ պիտի կազմեն 10 միլիոն թրքական լիրա (1.8 միլիոն ԱՄՆ տոլար), պիտի սկսին շատ շուտով:

Ուշագրաւ է, որ ան Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի մէջ յայտնուելու պատասխանատուն յայտարարած է քիւրտերը, մինչդեռ անիկա մեծապէս տուժած է նոյնինքն թրքական ուժայիններու գործողութիւններէն:

Նշենք, որ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ քրիստոնէական եկեղեցիներէն է: Մեծ դժուարութեամբ իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներէն ետք՝ 2011-ին, անիկա վերաբացած էր դռները հաւատացեալներու առջեւ:

2012-ի Նոյեմբերին` 32 տարուան ընդմիջումէ ետք՝ այստեղ կատարուած էր վերանորոգման յաջորդած առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Նոյն օրը, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ առաջին պսակադրութիւնը: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները իրագործուած էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նիւթական աջակցութեամբ: Աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանը: Վերակառուցուած էր եկեղեցւոյ զանգակատունը, որ վնասուած էր 2015-ի` ռմբակոծութենէն: Եկեղեցւոյ գմբէթը ամենաբարձրն էր քաղաքին մէջ, եւ մզկիթներու մինարէներէն բարձր չըլլալու համար՝ մահմետականները աւերած էին զայն:

Թէեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մինչեւ 1980 գործած է, սակայն անոր զանգերը միայն 2012 Նոյեմբեր 4-ին կրկին ղօղանջած են՝ 97 տարի անց: 2015-ին, այն թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի եկեղեցին, վերսկսած էին բախումները թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ: Անոնք յատկապէս սաստկացած էին 2016 Յուլիսի ռազմական յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք: