
Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն մերոյ եւ 1036 վկայիցն
Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, Հինգշաբթի՝ 28 Փետրուար 2019-ին, ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ԵՒ 1036 ՎԿԱՅԻՑՆ ազգային եւ եկեղեցական տօնին առիթով, Ն. Գոզմոսի «Ս. Կարապետ» եւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» մեր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ներկայ պիտի գտնուի Հայ Կապոյտ Խաչի ազգային վարժարաններու աշակերտութիւնը:
Սկիզբ Ս. Պատարագի ժամը 8:30ին:
Այսու կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդին՝ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ տօնի սրբազան արարողութեան եւ ըմբոշխնելու օրուայ խորհուրդը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ