
Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Մեկնարկած են Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
ՌԴ Ս. Փեթերզպուրկ քաղաքին մէջ, Փետրուար 18-ին, մեկնարկած են Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ մեկնարկը տրուած է Ս. Փեթերզպուրկի ազգային գրադարանին մէջ՝ ցուցահանդէսի բացումով, ուր ներկայացուած են մեծ գրողին նուիրուած հրատարակութիւններ, լուսանկարներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է ազգային գրադարանի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանդր Վերշինինը: Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցած է Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը, որ անդրադարձած է Թումանեանի գրական ժառանգութեան, անոր մարդասիրական եւ ազգային գործունէութեան:
Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Ս. Փեթերզպուրկի Սբ. Կատարինէ եկեղեցւոյ Հիւսիս-Արեւմտեան տարածաշրջանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս աբեղայ Վարդանեանը, ռուս յայտնի մտաւորականներ, գրողներ, Յովհաննէս Թումանեանի թոռը:
Ձեռնարկի աւարտին՝ պարային համերգով հանդէս եկած է Ս. Փեթերզպուրկի «Նայիրի» պարախումբը: