Այսօր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակն է

Այլեւայլ, Հայաստան

Ին՜չ ես թռչում, խեւ-դեւ սի՛րտ,
Հազար բանի ետեւ, սի՛րտ,
Ես ո՞նց հասնեմ հազար տեղ
Քեզ պէս թափով, թեթեւ, սի՛րտ:

Հայաստանի մշակութային օրացոյցին մէջ Փետրուար 19-ը տօն է` Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է: Բանաստեղծ, արձակագիր, գրական-հասարակական գործիչին 150-ամեակը Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ, ուր եւս ան ապրած ու ստեղծագործած է, պիտի նշուի յոբելենական ձեռնարկներով: Թումանեանի ծննդավայր Դսեղի մէջ մեծարանքի ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Յարգանքի տուրք ու գրական-ստեղծագործական ժառանգութեան արժեւորման ջեռնարկներ պիտի մեկնարկեն ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Թիֆլիսի մէջ:

Յովհաննէս Թումանեան ծնած է 1869 թուականի Փետրուար 19-ին Դսեղ գիւղին մէջ (այժմ` ՀՀ Լոռիի մարզի մէջ): նախնական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղին, այնուհետեւ Ջալալօղլիի (այժմ` Ստեփանաւան) ծխական դպրոցին մէջ: 1883-1887 թուականներուն յաճախած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը: Թումանեան սկսած է ստեղծագործել 1880-ականներու կէսէն: Որպէս բանաստեղծ յայտնի դարձած է 1890-ականներուն («Բանաստեղծութիւններ», հատոր 1-2, 1890-92):

Թումանեանի ստեղծագործական հասունութեան եւ ժողովրդայնութեան ամենաբարձր փուլը սկսած է 20-րդ դարի առաջին տարիներուն: Անոր ստեղծագործական սկզբունքները յատկապէս ցայտուն դրսեւորուած են պոէմներուն ու վիպերգներուն մէջ: «Հառաչանք», «Լոռեցի Սաքօ», «Մարօ», «Անուշ» (համանուն օփերա` 1912, ֆիլմ` 1983), պոէմներուն մէջ պատկերուած է հայ նահապետը, գիւղը իր սովորոյթներով, պատկերացումներով, ընկերային-կենցաղային հակասութիւններով: 1894-ին գրած է «Դէպի Անհունը» պոէմը, ուր բանաստեղծը կ՛անդրադառնայ կեցութեան յաւերժ գաղտնիքներուն, կեանքի ու մահուան առեղծուածին: «Պոէտն ու Մուսան» պոէմին մէջ ծաղրած է անտարբեր ու գռեհիկ վերաբերմունքը ստեղծագործական աշխատանքի, գրողի եւ հասարակութեան փոխյարաբերութեան նկատմամբ:

Թումանեանի ստեղծագործութիւնը զգալիօրէն կապուած է բանահիւսութեան հետ («Սասունցի Դաւիթ», 1902, պոէմ): Անոր վիպերգները  հիմքը հայկական եւ արեւելեան առասպելներն ու աւանդութիւններն են («Ախթամար»` 1892, «Փարւանա»` 1903, «Թմկաբերդի առումը»` 1902, «Հսկան»` 1908, «Մի կաթիլ մեղր»` 1909, «Աղաւնու վանքը»` 1913, «Թագաւորն ու չարչին»` 1917): 20-րդ դարու սկիզբը Թումանեան մշակած է երկու տասնեակէ աւելի հայկական ժողովրդական հեքիաթներ («Տէրն ու ծառան» (1908), «Ոսկու կարասը» (1908), «Քաջ Նազար» (1912)), փոխադրել Գրիմ եղբայրներու, ռուսական, հնդկական, ճափոնական, իտալական եւ այլ ժողովրդական հեքիաթներ:

Հայ արձակի լաւագոյն էջերէն են Թումանեանի պատմուածքները, որոնց մէջ կ՛առանձնանայ «Գիքոր» (1895, հրտ.` 1907, համանուն ֆիլմը` 1934, 1982) պատմուածքը: Մանկական գրականութեան լաւագոյն էջերէն են «Շունն ու կատուն» (1886, հրտ.` 1892), «Անբախտ վաճառականներ» (1886, հրտ.` 1899), չափածոյ եւ արձակ այլ գործեր: Կեանքի վերջին տարիներուն (1916-1922) գրած է բազմաթիւ քառեակներ, որոնք իրենց տեսակի մէջ կատարեալ են:

Ինչքա՜ն ցաւ եմ տեսել ես,
Նենգ ու դաւ եմ տեսել ես,
Տարել, ներել ու սիրել,-
Վատը` լաւ եմ տեսել ես:

1899-ին Թումանեանի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած է «Վերնատուն» գրական խմբակը:

Թումանեան հրապարակած է յօդուածներ, որոնց մէջ արծարծած է հասարակական կեանքին, գրականութեան, բանահիւսութեան, հայոց լեզուի զարգացման առնչուող հարցեր: Գրած է հետազօտութիւններ Նահապետ Քուչակի, Նաղաշ Հովնաթանի, Սայաթ Նովայի մասին: Կատարած է թարգմանութիւններ Ա. Պուշկինէն, Ջ. Պայրընէն, Մ. Լերմոնտովէն:

Թումանեան աշխոյժ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած է: 1905-1907-ներուն մեծ ջանքեր գործադրած է ցարական իշխանութիւններու հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներուն վերջ տալու համար: Այդ պատճառով երկու անգամ ձերբակալուած է (1908-09, 1911-12): Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն սերտօրէն համագործակցած է զօրավար Անդրանիկի հետ, երկու անգամ եղած Արեւմտեան Հայաստան, անձամբ (դստեր հետ) մասնակցած Էջմիածինի մէջ հաւաքուած արեւմտահայ գաղթականութեան եւ յատկապէս որբ երեխաներու խնամքի կազմակերպման: 1918-ին հիմնած է Հայոց հայրենակցական միութիւններու միութիւն (ՀՀՄՄ)` տեղւոյն վրայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը կազմակերպելու նպատակով: Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն ետք ՀՀՄՄ ծիրէն ներս Թումանեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած է Քննիչ յանձնաժողով` Փարիզի մէջ հրաւիրուելիք վեհաժողովին պատերազմի մէջ հայերու կրած վնասներու մասին փաստաթուղթ պատրաստելու համար:

Թումանեան Երեւանի եւ իր ծննդավայր Դսեղի մէջ ունի տուն-թանգարաններ: Անոր անունով կը կոչուին Երեւանի տիկնիկային թատրոնը, դպրոցներ, փողոցներ, գրադարաններ Երեւանի եւ երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ: 1980-ին Հայաստանի գրողներու միութիւնը սահմանած է Թումանեանի անուան ամենամեայ գրական մրցանակ:

Թումանեան մահացած է 1923-ի Մարտ 23-ին Մոսկուայի մէջ, թաղուած է Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, սիրտը` Դսեղ գիւղին մէջ:

Ծով է իմ վիշտն, անափ ու խոր,
Լիքն ակունքով հազարաւոր.
Իմ զայրոյթը լիքն է սիրով,
Իմ գիշերը` լիքն աստղերով: