«Քեզ Պիտի Ուտեմ…»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

…Կ՛ըսէ գայլը՝ գառնուկին, «անկախ անկէ, թէ ուրկէ՞ կը խմես ջուրը»։

Առակը ծանօթ է բոլորիս։ Գառնուկը ջուր կը խմէ առուակին վարի մասէն, իսկ գայլը, որ կանգնած հոսանքի վերին մասին, գառնուկը կը մեղադրէ իր ջուրը պղտորելու յանցանքով։  Գառնուկին իրաւացի բացատրութիւնը կապ չունի գայլին դիտաւորութեան հետ. ան որոշած է ուտել գառնուկը, եւ իր հոգը չէ, թէ ան ջուր կը խմէ «վերէ՞ն», թէ՞ «վարէն»։

Վենեզուելլայի տագնապին նորագոյն փուլը որոշ չափով կը նմանի այս առակին, եւ պարզապէս նորագոյն արարն է անցեալ շուրջ երկու տասնամեակներու զարգացումներուն։ Միացեալ Նահանգներով մարմնաւորուած քարիւղի – նաեւ զէնքի – ընկերութիւններ երկար ատենէ ի վեր «աչք դրած» են հարաւ-ամերիկեան այս երկրի քարիւղի հարուստ պահեստներուն վրայ։ Այսօր, արեւմտեան զանգուածային մամուլը բազմաձայն երգչախումբի վերածուած է, տագնապին ամբողջ ծանրութիւնը կախելու համար նախագահ Մատուրոյի ճիտէն եւ պատրաստ է արդարացնելու ամէն տեսակի ճնշում ու միջամտութիւն, միաձայնութեամբ զօրավիգ է Մատուրոն երկրի ղեկէն հեռացնելու անոր ընդդիմադիրներու «խունթա»ին, զոր կը գլխաւորէ խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտօ։ «Մութ ծալքեր»ուն իրազեկ դէտեր կ՛ըսեն, որ Կուայտօ խոստացած է երկրին քարիւղի հարստութեանց դուռները բանալ իրեն զօրակցողներուն առջեւ, իսկ ծանօթ է, որ այդ խմբակը կը գլխաւորէ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգները, իր կողքին ունենալով Արեւմուտքի ճարտարարուեստի մեծերը։ Անդին, Մատուրօ կը վայելէ զօրակցութիւնը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի պէս «հակադիր» մեծերու։

Եթէ քիչ մը պրպտենք այս երկրին վերջին քանի մը տասնամեակներու պատմութիւնը, կարմիր գիծի պէս յստակ կ՛երեւի, թէ Վենեզուելլայի իշխանութիւնը արտաքին ինչպիսի՛ միջամտութիւններու – եւ շահարկումներու – թիրախ եղած է ու կը մնայ։ Մատուրօ ժառանգորդն է Վենեզուելլայի մէջ պոլիվարեան յեղափոխութեան ճամբով ընկերվարական դրութիւն հաստատող Ուկօ Չաւէսին, որուն օրով, երկրին քարիւղի եւ քաղաքական «տրամաբանութիւնը» հաճոյ չէր այսօր Մատուրոն հալածողներուն։ Մատուրօ շուրջ 6 տարի առաջ յաջորդեց Չաւէսի, նախագահութիւնը շահեցաւ 50.6 առ հարիւրին քուէներով, իսկ անցեալ Մայիսին վերընտրուեցաւ քուէներուն մօտաւորապէս 68 առ հարիւրով։ Մինչ այդ, Վենեզուելլա առնուած է տնտեսական ահաւոր պաշարումի տակ, ընկերային-տնտեսական կացութիւնը հսկայական անկում ունեցած է, դրամանիշին մրցանիշային անկումը եղած է իրողապէս հարուստ երկիրին՝ իրողական աղքատացումին հայելին։ Բնականաբար Մատուրօ եւ իր կողքին կանգնողները բացարձակապէս անմեղ գառնուկներ չեն, սակայն տարիներու վրայ երկարող տագնապին միայն մակերեսն անգամ գրգռելով՝ յստակ կը դառնայ, թէ Գառնուկին ու Գայլին առակը ինչպիսի բրտութկեամբ կը կիրարկուի նա՛եւ այս երկիրին մէջ, իբրեւ գլխաւոր զոհ ընտրելով…

ժողովրդային զանգուածները, որոնք անօթութեան մատնուած են ու միլիոններով կ՛արտագաղթեն, վառելանիւթ դառնալով քարոզչութեան։

Քանի մը գլխաւոր գիծ, որոնք յականէ անուանէ չեն արծարծուիր տագնապին սաստկացումէն ետք, սակայն կրնան յստակացնել կարգ մը «անհաճոյ» իրականութիւններ։

Տնտեսական պաշարումի-տագնապի մատնուած Մատուրոն տարիներ առաջ Ռուսիայէն հսկայական փոխառութիւն մը կնքեց, որուն դիմաց, քարիւղի հանքերու շահարկման իրաւունքը «վստահեցաւ» ռուսական ընկերութեան մը։ Նախապէս, Վենեզուելլա կիսով մը պետականացուցած էր իր քարիւղին շահարկումը, զայրացնելով… դուրսի շահարկողները։ Երկար ատեն, Մատուրոյի դէմ քննադատութիւնները կը տարուէին փտածութեան, բռնատիրութեան, ընկերվարութեան եւ նմանօրինակ խորագիրներու տակ։ Վերջերս, տխրահռչակ Պոլթընը, առանց բառերը ծամծմելու, գրեթէ բառացիօրէն ըսաւ. նախընտրելի է, որ Վենեզուելլայի քարիւղի հանքերը շահագործուին ամերիկացի արտադրիչներու կողմէ, պահարանէն դուրս բերելով զինուորական միջամտութեան թմբուկը։ Ու «նուագախումբը» միացաւ այս հրաւէրին, որուն դիմաց, Ռուսիա յայտարարեց, թէ այդ բոլորը Վենեզուելլայի ներքին հարցերուն ապօրինի միջամտութիւն կը նկատէ, իսկ Չինաստան հանդէս եկաւ որոշ չափով Ռուսիոյ ձայնակցողի դիրքով։ (Չէ՞ որ Չինաստանն ալ թիրախ է «ամերիկեան» տնտեսական ճնշումի, պատժամիջոցներու…)

Եթէ քարիւղի «կարկանդակ»ը տագնապին գլխաւոր առանցքն է, Մատուրոյի վրայ ճնշումները ունին այլ նպատակներ եւս։ Հարաւ-ամերիկեան երկիրներ, որոնք մինչեւ 80ական տարիներու վերջերը կը ղեկավարուէին Ուաշինկթընի ու համախոհներու զօրակցութիւնը վայլեող զինուորական խունթաներու կողմէ, որոնք, ի դէպ, բռնատէր ու չարաշահող չէին նկատուեր, օր մըն ալ սկսան պայքարիլ, որպէսզի իրենց գլուխներուն ու ազգային հարստութեանց տէրը դառնան։ Ծայր տուաւ հակա-գաղթատիրական ալիք մը, որ անցաւ մէկ երկրէն միւսը. յանկարծ դասական Արեւմուտքը վերածուեցաւ բռնատէր հալածող՝ «արդարատենչ» միջամտողի. խունթաները տապալեցան, Նորիեկաներու եւ Սոմոզաներու ճակատագիրը այսօր ծանօթ է բոլորին։ Բնականաբար, այս ընթացքը երկար ժամանակի վրայ հաճելի պիտի չըլլար նախկին շահագործողներուն, որոնք սկսան որոնել եւ գտնել իրենց հին շահերը ապահովող երաշխաւորներ։ Եւ ահա ծայր տուաւ հակա-շարժում մը, որ այս անգամ արտայայտութիւն գտաւ աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու միջեւ նորաձեւ հակադրութեամբ մը. Վենեզուելլայէն հիւսիս ու հարաւ տարածուող երկիրներու մէջ այս հակադրութիւնը արդէն կերտած է իր պատմութիւնը. Պրազիլիա, Արժանթին եւ այլ «անուղղաներ» «ուղիղ ճամբու» բերուած են… ժողովրդավարական միջոցներով, նորոգուած տարազով վերամիանալով անոնց՝ որոնք հաւատարիմ մնացած էին Ուաշինկթընի ու շահակիցներու ուղիին. անիմաստ է հարց տալ, թէ այս բոլորը իսկապէս ժողովրդավարութեան հետամտութեա՞մբ տեղի կ՛ունենան։

Վենեզուելլայի շուրջ մրցակցութեան միւս թիրախները կը գտնուին անոր մօտիկ ու հեռու աշխարհներու մէջ։ Անմիջական թիրախներէն մէկն է Քուպան, հակառակ անոր որ Ուաշինկթըն կը փորձէ «բարեմիտ ճամբաներով» թափանցել յետ-քասթրոյական Քուպայէն ներս։ Եթէ կարկինը աւելի եւս բանանք, դժուար չէ տեսնել, որ մրցակցութիւնը կը տարածուի մինչեւ արաբական աշխարհ, Իրան, Ուքրանիա, Կովկաս եւ Ծայրագոյն Արեւելք, ուր Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի հակադրութեան խորացումը գաղտնիք չէ, արտայայտութիւն կը գտնէ առեւտրական պատերազմներով, պաշարումներով, հրթիռներու համաձայնագիրներու խզումով եւ… ցանկը կարելի է երկարել։

Միջամտութեանց պատրուակներէն մէկը, ինչպէս կը լսենք ամէն օր, Վենեզուելլայի մէջ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումն է։ Սա այն ժողովրդավարութիւնն է, զոր Արեւմուտքը փորձեց «ներարկել» արաբական աշխարհին՝ պարգեւելով Իրաքի, Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ ահաւոր տագնապները, քանդումներն ու զանգուածներու ջարդը, բռնագաղթը։ Հիմա, Վենեզուելլայի զուգահեռ, «ժողովրդավարութիւն» ծախելու այլ շուկայ մը կը նկատուի Իրանը (անգամ մը եւս)։ Հոն ալ պատմութիւնը ծանօթ է ու կ՛երկարի գոնէ մինչեւ 50ական տարիներ։

Այս իրականութիւններուն դիմաց, ի՞նչ ակնոցով ու մանրադիտակով կարելի է դիտել թիրախի վերածուած իշխանութիւններուն «յանցանքները», որոնք պատրուակ կը ծառայեն աղէտալի «ժողովրդավարութեան» տարածման։

Գառնուկները կրնան իրենց թերութիւններն ու յանցանքները ունենալ, սակայն գայլերուն աղէտալի հետեւանքները թզենիի տերեւով մ՛իսկ չեն կրնար ծածկուիլ։