Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150-ամեակներուն Նուիրուած Ցուցահանդէս Թիֆլիսի Մէջ

Սփիւռք

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին աջակցութեամբ, Փետրուար 16-ին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հանրածանօթ նկարիչ, արտասահմանեան ցուցահանդէսներու մասնակից, Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ Արմէն Խոջոյեանի ցուցահանդէսը: Այս մասին կը տեղեկանանք Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան Դիմատետրի էջէն:

Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան հիանալու հեղինակին գեղանկարներով, գոլաժներով, կրաֆիքով, պղինձէ փորագիր աշխատանքներով։

«Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Եւգենիա Մարկոսեան ներկայացուց գեղանկարիչին անցած ճանապարհը եւ ստեղծագործական յաջողութիւնները։

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան առաջին քարտուղար Արթուր Սարգսեան, իր հերթին, ընդգծեց, որ նմանօրինակ մշակութային նախաձեռնութիւնները հնարաւորութիւն կու տան հայրենիքէն դուրս գտնուող մեր հայրենակիցներուն ծանօթանալու հայ գեղանկարչութեան ու արուեստին։

Ցուցահանդէսին ընթացքին՝ բանաստեղծութիւններու ընթերցանութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ արձակագիր Վարդան Ֆերեշեթեան: