Հայաստան Կը Ցանկայ Գնել 12 Հատ Су-30СМ Կործանիչ

Uncategorized, Հայաստան

Հայաստան կը ծրագրէ մինչեւ 2019-ին վերջ կամ 2020-ի սկիզբը ստանալ 4 ռուսական Су-30СМ կործանիչ, իսկ, ընդհանուր առմամբ, Երեւան կը ցանկայ գնել 12 այդպիսի կործանիչներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի»-ն, IDEX-2019 ցուցահանդէսի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները Су-30СМ կործանիչներու յաջորդ խմբաքանակի մատակարարման շուրջ: Ամէն ինչ կախուած է անկէ, թէ որքան արագ պատրաստ կ՛ըլլայ այդ արտադրանքը: Մենք կը ծրագրենք առաջին խմբաքանակը ստանալ այս տարուան վերջին, ծայրայեղ պարագային՝ յաջորդ տարուան սկիզբը»,- ըսած է Տօնոյեան։

Պատասխանելով հարցումին, թէ ընդհանուր առմամբ քանի՞ կործանիչ կը ցանկար Հայաստանը գնել, Դաւիթ Տօնոյեան պատասխանած է, որ խօսքը մէկ օդանաւային դասակ (12 կործանիչ) մասին է: