Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 14 Փետրուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանի։

Դեսպանին Հայաստան կատարած վերջին ճամբորդութենէն վերադարձին տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, նոր կառավարութեան Ազգային Ժողովին ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան հետ կապ ունեցող հարցերու մասին։