ԱՄՆ Քոնկրեսը Թուրքիոյ F-35 Կործանիչներու Մատակարարումն ու Էրտողանի Թիկնապահներուն Զենք Վաճառելը Արգիլող Օրինագիծ Ընդունած է

Աշխարհ, Սփիւռք

ԱՄՆ Քոնկրեսը յետագայ ծախսերու մասին ընդունած է օրինագիծ, որ Թուրքիոյ վերաբերեալ երկու կէտ կը ներառէ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Յունա-մայրցամաքային առաջնորդներու խորհուրդը երկու կէտին ալ աջակցած են:

Առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներուն, քանի դեռ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն Քոնկրէսին չէ զեկուցած, որ 2017-ի Մայիսին հայ եւ ամերիկացի ցուցարարներուն դաժան ծեծի ենթարկած անձիք պատասխանատւութեան ենթարկուած են:

Երկրորդ կէտով կ՛արգելուի Թուրքիոյ F-35 կործանիչներու մատակարարումը` մինչեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը զեկոյց չներկայացնէ Անգարայի կողմէ ռուսական Ս-400 համակարգ գնելու հետեւանքներուն մասին:

Հայկական եւ յունական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ողջունած են օրինագիծի ընդունումը:

Ծերակոյտի եւ Քենկրեսի ընդունած օրինագիծը ստորագրելու համար պիտի ուղարկուի երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին: