
Հայաստան 39-րդ Դիրքը Կը Գրաւէ Ձեռնարկութիւն Վարելու Լաւագոյն Երկիրներու Ցանկին Վրայ
European Chamber հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կազմուած “Ձեռնարկութիւն վարելու համար լաւագոյն երկիրներ”ու ցանկին վրայ Հայաստան 46 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 39-րդ տեղը:
Վրաստան կը գրաւէ 16-րդ, Թուրքիա՝ 34-րդ, Ռուսիա՝ 42-րդ, Ատրպէյճան՝ 44-րդ հորիզոնականը:
European Chamber-ի զեկոյցը հիմնուած է երկու հետազօտութիւններու՝ Համաշխարհային դրամատան Doing Business-ի եւ Transparency International-ի Կաշառակերութեան ընկալման համաթիւի արդիւնքներուն վրայ:
Նշենք, որ Հայաստան բարելաւած է դիրքը Doing Business 2019-ի ցանկին վրայ: