Հայաստանի Մէջ Կալանաւորուած Հակահայ Թուրք Լոպպիստը Այսօր ԱՄՆ-ի Մէջ Դատարանի Առջեւ Պիտի Կանգնի

Աշխարհ, Հայաստան

Փետրուար 11-ին, ԱՄՆ-ի մէջ, դատարանի առջեւ պիտի կանգնի Հայաստանի մէջ Օգոստոս 31-ին կալանաւորուած, ապա ԱՄՆ-ին արտայանձնուած հակահայ թուրք հակահայ լոպպիստ Քեւին (Քեմալ) Օքսուզը։ Վերջինս ԱՄՆ-ի քաղաքացի է։ Անոր նկատմամբ ԱՄՆ-ի մէջ առաջադրուած է 5 մեղադրանք։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Haberler-ը։
Օքսուզը ԱՄՆ-ի մէջ կը մեղադրուի ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի քաղաքակրթութեան յանձնաժողովէն փաստացի նիւթերը կեղծելու միջոցով թաքցնելու եւ ներկայացուցիչներու պալատի քաղաքակրթութեան յանձնաժողովին կեղծ յայտարարագիր ներկայացնելու մէջ:

Նշենք, որ 2018 Դեկտեմբերին, ամերիկեան դատարանը վճռած էր անոր 50 հազար տոլար գրաւի դիմաց ազատ արձակել: Կ՝ակնկալուի, որ Օքսուզի դատավճիռը կը հրապարակուի այսօր իսկ։

Յիշեցնենք, որ ​ԱՄՆ իրաւապահներու կողմից հետախուզուող Օքսուզը 2018 Օգոստոս 29-ին ձերբակալուած էր Երեւանի մէջ: Քեւին Օքսուզը Հայաստանի մէջ, 2017 Սեպտեմբերին հիմնած էր «ՏԸ ՍԵՆԱ ԿՐՈՒՓ» ընկերութիւնը, որ կը զբաղէր տարատեսակ ձեռնարկներու կազմակերպումով: Նախորդ տարուան Սեպտեմբերին՝ Քեմալ Օքսուզի կողմէ խոշոր չափերու հարկեր չվճարելու դէպքին առիթով՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 205-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած էր քրէական գործ:

Ամերիկեան կողմը մինջնորդութիւն ներկայացուցած էր ՀՀ դատախազութիւն Օքսուզը յանձնելու վերաբերեալ:

Հայաստանի գլխաւոր դատախազին որոշումով՝ բաւարարուած էր Քեւին Օքսուզի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու նպատակով ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն յանձնելու միջնորդութիւնը:

Օքսուզ կը հետախուզուէր նաեւ Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։ Թրքական կողմը զինք կը մեղադրէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող գիւլենական համայնքին հետ կապ ունենալու մէջ։ Այդ ծիրէն ներս՝ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը Թուրքիոյ իրաւասու մարմիններէն ստացած էր միջնորդութիւն` Օքսուզը իրենց յանձնելու վերաբերեալ: Ի պատասխան ատոր, ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն ըսած էին, թէ Օքսուզը արտայանձնելու պահանջով ԱՄՆ Թուրքիայէն առաջ դիմած էր։