Ուաշինկթընի Կողմէ Ծայրայեղականներուն Ցուցաբերուող Աջակցութիւնը կը Քայքայէ Տարածաշրջանը. Իրանի ԱԳ Նախարար

Աշխարհ

Ուաշինկթընի կողմէ բռնապետներուն ու ծայրայեղականներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը կը քայքայէ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Փետրուար 6-ին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաւատ Զարիֆ գրած է Twitter-ի իր էջին վրայ: Ան այդ կերպով մեկնաբանած է «Երկրի դրութեան մասին» ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ամենամեայ ուղերձը, որ հանդէս եկած է Թեհրանի վրայ գործադրուող ճնշումը շարունակելու օգտին:

«ԱՄՆ-ի թշնամանքը բերած Է բռնապետերու, դահիճներու եւ ծայրայեղականներու աջակցելուն, որ միայն աւերածութիւններ բերած է մեր տարածաշրջան»,- գրած է Զարիֆ։ Ան նշած է, որ այս օրերուն «իրանցիները, ներառեալ հրէայ-հայրենակիցները, կը նշեն Իսլամական յեղափոխութեան 40-ամեակը՝ հակառակ ԱՄՆ-ի կողմէ գործադրուող ճնշման ու «Երկրի դրութեան մասին» ամենամեայ ուղերձին մէջ Թրամփի հնչեցուցած նոր մեղադրանքներուն»: ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Փետրուար 5-ին, երկրի Քոնկրէսի, Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի առջեւ հանդէս գալով «Երկրի դրութեան մասին» ամենամեայ ուղերձով, յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է աչալուրջ հետեւելու Իրանի գործողութիւններուն եւ արդէն սահմանած է պատմութեան մէջ ամենախիստ պատժամիջոցները՝ երաշխաւորելու համար, որ Թեհրանը երբեք միջուկային զէնք պիտի չունենայ:

«Իմ վարչակազմը վճռական միջոցներ ձեռնարկած է պետական մակարդակով ահաբեկչութեան գլխաւոր հովանաւորին՝ Իրանի արմատական վարչակարգին, հակազդելու համար»,- ըսած է Թրամփ: «Մենք ուշադրութենէ պիտի չշեղենք այն վարչակարգը, որ կը վանկարկէ «Մա՛հ Ամերիկային» եւ ցեղասպանութեամբ կը սպառնայ հրէայ ժողովուրդին»,- ըստ TASS-ի՝ նշած է Թրամփ։