ՀՀ Կառավարութիւնը կը Նախատեսէ Զարգացնել Զինծառայողներու Հասարակական Պաշտպանութեան Համակարգը
ՀՀ կառավարութիւնը կեանքի պիտի կոչէ արժանիքներու վրայ հիմնուած եւ կրթական չափորոշիչներու հետ փոխկապակցուած ծառայողական առաջխաղացման քաղաքականութիւնը, միաժամանակ պիտի զարգացնէ մասնագիտական քսանապետական համակարգը: Այս նախագիծը, ըստ Yerkir.am-ի, քննարկուած է ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին:
Կը նախատեսուի էականօրէն բարելաւել զինուած ուժերու անձնակազմի բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեան մակարդակը, կարգապահութիւնը, զինուած ուժերուն մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ բացառել ոչ կանոնադրային յարաբերութիւններու դէպքերը։
Կառավարութիւնը կը նախատեսէ զարգացնել զինծառայողներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն հասարակական պաշտպանութեան համակարգը` երաշխաւորելով անոնց ամբողջական եւ որակեալ իրային ու պարէնային բաւարարումը:
Կը նախատեսուի նաեւ իրականացնել բնակարանային եւ բժշկական ապահովման ծրագիրներ։
