«Հ­րէ­շը Լուս­նի Վրայ» Թա­տե­րա­կան Ներ­կա­յա­ցու­մը Յունաաստանի Մէջ

Սփիւռք

«­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Ա­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի «Σημείο» թա­տե­րաս­րա­հը, ուր թատ­րո­նի տնօ­րէ­նու­թեան հետ նա­խա­պէս կա­տա­րո­ւած կար­գադ­րու­թեամբ՝ դա­սա­ւո­րո­ւած էր հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րուն եւ ա­նոնց բա­րե­կամ­նե­րուն հա­մար տոմ­սե­րու եւ տե­ղե­րու ա­պա­հո­վու­մը:
Թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման ներ­կայ գտնո­ւող «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, «­Սօս-­Վա­նի»ի վար­չու­թեան եւ ըն­կե­րա­կից մօտ 15 հայ եւ յոյն այ­ցե­լու­նե­րը, ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին, սրա­հը բեր­նէ բե­րան լե­ցու­ցած յոյն թա­տե­րա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յու­թեան, ա­ռան­ձին զրոյց ու­նե­ցան բե­մադ­րի­չին, գլխա­ւոր դե­րա­սան­ներ ­Գոս­թաս Ար­զօղ­լո­ւի, ­Սե­դա­յի եւ Ա­րա­մի դե­րե­րը մարմ­նա­ւո­րող ­Սո­ֆիա ­Լիա­քո­ւի եւ ­Վա­կե­լի ­Փա­փա­տա­քիի հետ, շնոր­հա­կա­լու­թեան, գնա­հա­տան­քի ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօսք ուղ­ղե­ցին ա­նոնց այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար, որ ա­ռիթ կը ստեղ­ծէ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան ծա­նօ­թաց­նե­լու ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ազ­գա­յին դատն ու քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը:
Հայ­կա­կան խմբա­կին միա­ցան նաեւ՝ ան­ցեա­լին ­Ֆիք­սի գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ հա­յե­րու հետ մեծ­ցած ու ապ­րած յոյ­ներ, ո­րոնց ծնող­նե­րը 1922ի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, մօտ մէկ մի­լիոն յոյն գաղ­թա­կան­նե­րու եւ 100.000 հա­յե­րու հետ ա­պաս­տան գտան ասպն­ջա­կան ­Հել­լա­դա­յի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րուն, ի­րենց ող­բեր­գու­թիւ­նը ա­մո­քող կեան­քի նոր սկիզ­բի մը մեկ­նա­կէ­տը դնե­լով:
Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը այն­քան նման են ի­րա­րու, որ այս թատ­րեր­գու­թեան ընդ­մէ­ջէն եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան յու­շե­րը կը միա­խառ­նո­ւին ի­րա­րու՝ հա­մա­մարդ­կա­յին ապ­րում­նե­րու եւ ա­ւե­լի լաւ աշ­խար­հի մը պատ­գամ­նե­րը փո­խան­ցե­լով մարդ­կու­թեան եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն:

Թա­տե­րա­կան նիւ­թը

Richard Kalinoskiի հե­ղի­նա­կու­թեամբ բազ­մա­կի մրցա­նա­կա­ւոր այս թատ­րեր­գու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ներ­կա­յա­ցո­ւած էր 20 տա­րի ա­ռաջ (1998ի ­Մար­տին), բե­մադ­րու­թեամբ՝ Ս­թա­թի Լի­վա­թի­նո­յի, եւ գլխա­ւոր դե­րե­րու ստանձ­նու­մով՝ ­Տի­միթ­րի ­Թար­լոո­ւի եւ ­Թա­մի­լա ­Քու­լիէ­վա­յի:
Յե­տա­դարձ ակ­նար­կով յի­շեց­նենք, թէ ա­նոր նիւ­թը կը վե­րա­բե­րի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ո­ւիս­քոն­սին շրջա­նի ­Մի­լո­ւո­քի քա­ղա­քին մէջ ­Թուր­քիա­յէն ժա­մա­նած Ա­րամ եւ ­Սե­դա հա­յե­րու ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թեան, 1922 եւ 1933 թո­ւա­կան­նե­րուն:
Ա­րամ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած ըն­տա­նի­քի մը զա­ւակն է, որ ­Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հաս­տա­տուե­լով՝ իբ­րեւ ծա­նօթ ու նա­խընտ­րո­ւած լու­սան­կա­րիչ կ­՚աշ­խա­տի: Ան նա­մա­կագ­րու­թեան ճամ­բով կ­՚ա­մուս­նա­նայ 15 տա­րե­կան ­Սե­դա­յի հետ, որ ­Թուր­քիա­յէն իբ­րեւ հարս Ա­մե­րի­կա կու­գայ նոր կեանք մը սկսե­լու հե­ռան­կա­րով:
Սե­դա­յին լու­սան­կա­րէ մը՝ ա­նոր գլու­խը կը հա­նո­ւի եւ կը դրո­ւի (ու կը փո­խա­րի­նէ) Ա­րա­մի ըն­տա­նի­քին հին հա­ւա­քա­կան լու­սան­կա­րի մը վրայ, ո­րու ջար­դո­ւած ան­դամ­նե­րու գլուխ­նե­րը կտրո­ւած են ­Թուր­քե­րէն: Այս­պէս, գլխա­տո­ւած ան­դամ­նե­րու մարմ­նին վրայ կ­՚ա­ւել­ցո­ւին Ա­րա­մի եւ ­Սե­դա­յի գլուխ­նե­րը՝ այն յոյ­սով, որ զոյ­գը պի­տի ամ­բող­ջաց­նէ Ա­րամ եւ ­Սե­դա Թով­մա­սեան ըն­տա­նե­կան նոր բոյ­նը, աշ­խարհ գա­լիք զա­ւակ­նե­րով:
Թա­տե­րա­կան զար­գա­ցում­նե­րը կը յայտ­նա­բե­րեն սա­կայն, թէ հե­տա­գայ ան­ցու­դարձ­նե­րը Ա­րա­մի ծրա­գիր­նե­րուն հա­մա­ձայն պի­տի չըն­թա­նան եւ նո­րապ­սակ զոյ­գի՝ նոր սկիզբ մը ը­նե­լու ճի­գը, կեան­քի նո­րա­նոր ա­նակնկալ­նե­րու դէմ յան­դի­ման պի­տի բե­րէ զոյ­գը, ող­բեր­գա­կան նո­րա­նոր զու­գա­հեռ­նե­րու եւ ա­նակն­կալ­նե­րու մատ­նե­լով զա­նոնք:

«Հ­րէ­շը լուս­նի վրայ»

Ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ «Humana» փա­ռա­տօ­նին մէջ 1955ին: Ան­կէ ետք թարգ­մա­նո­ւած է 19 լե­զու­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած է 20 տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ:
2001 թո­ւա­կա­նին մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ «Moliere» մրցա­նակ­նե­րու փա­ռա­տօ­նին, Ֆ­րան­սա:
Նոյն­պէս ար­ժա­նա­ցած է Osborn մրցա­նա­կին, «Ակ­նու­նի» (Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Բա­րե­գոր­ծա­կան Միու­թեան) մրցա­նա­կին, Garland (Backstage West) մրցա­նա­կին, իբ­րեւ Ար­ժան­թի­նի ACE լա­ւա­գոյն թա­տե­րա­կան գոր­ծի բո­վան­դա­կու­թիւն:
2005ին, ­Ռի­չարտ ­Քա­լի­նոս­քի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ «­Խո­րե­նա­ցի»ի ա­նո­ւան մրցա­նակ-շքան­շա­նով:

Բե­մադ­րի­չի մտա­ծում­նե­րէն

Այս թատ­րեր­գու­թեան բե­մադ­րիչ ­Վա­կե­լիս ­Փա­փա­տա­քիս՝ անդ­րա­դառ­նա­լով իր բե­մադ­րած գոր­ծին, կը նշէ, թէ գոր­ծին ընդ­մէ­ջէն մաս­նա­կից կը դառ­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը, 1915ի Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: ­Մեր դա­րուն որ­քա՜ն ա­ղա­ւա­ղո­ւած են ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­մաս­տին էու­թիւնն ու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, պահ­պա­նե­լով ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան դժխեմ նկա­րա­գիր մը: ­Մենք որ­քա՞ն մօտ ենք թատ­րեր­գու­թեան հե­րոս­նե­րուն, երբ հար­կադ­րա­բար կը հա­կինք «գլխա­տո­ւած լու­սան­կար­նե­րու» վրայ, այ­լա­բա­նա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ փուճ յոյ­սեր սնու­ցա­նե­լով: ­Մեզ­մէ քա­նի՞ հո­գի զգայ­նօ­րէն խո­ցե­լի կը զգայ իր ինք­նու­թեան կո­րուս­տին հա­մար՝ խաբ­կան­քի յոյ­սեր ապ­րեց­նե­լով իր մէջ, նոր հայ­րե­նիք մը վերս­տեղ­ծե­լու ակն­կա­լու­թեամբ:
Ան­ցեալն ու ներ­կան ի­րա­րու վրայ կ­՚ազ­դեն, որ­պէս­զի յաղ­թա­նա­կէ ժա­մա­նա­կա­կից այժ­մէա­կա­նու­թեան դէպ­քե­րու ճնշիչ ներ­կա­յու­թիւ­նը: Ա­րա­մի եւ ­Սե­դա­յի անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­ծո­ւին հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռու­մով կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք այժ­մէա­կան են ու կը մնան մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից

«Ազատ օր» (Յունաստան)