Մեզի Համար Առաջնահերթը Հայաստանի Եւ Հայութեան Շահերն Են. Վաչէ Բրուտեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դաշնակցական հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանը մտահոգ է հայ մամուլին դիմաց այսօր ծառացած օրախնդիր մարտահրաւէրներով, որոնք թելադրուած են Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ կատարուած տեղաշարժերով եւ ունին համահայկական բնոյթ:

Գ. Մ.- Այսօրուան քաղաքական-գաղափարական «փոթորիկներու», մարտահրաւէրներու առջեւ ո՞րն է հայ մամուլին դերակատարութիւնը:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ.- Հայ մամուլին առաջնահերթ պարտականութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի եւ հայութեան շահերը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Ելլելով իր այս հիմնական առաքելութենէն` հայ մամուլը պարտաւոր է հայաստանեան ներքին իրադարձութիւնները ներկայացնել յիշեալ, իսկ տարածաշրջանային  եւ միջազգային խնդիրներուն անդրադառնալ` Հայաստանի եւ հայութեան շահերու տեսանկիւնէն: Սակայն յաճախ մեր մամուլի էջերուն մէջ կը նկատենք, որ, ըսենք, լուրերու անուան տակ բամբասանք կը տարածուի: Մամուլը ասեկոսէներով չի կրնար առաջնորդուիլ: Ինծի համար բացարձակապէս հասկնալի չէ, երբ, բանալով հայկական թերթերէն որեւէ մէկը, կը տեսնեմ լրատուութիւն, որ կը սկսի հետեւեալ կերպ. «Օդին մէջ կախուած լուրերուն համաձայն…»: Ասիկա կարելի չէ լրատուութիւն համարել: Ասիկա անպատասխանատուութիւն է, որ էապէս կը վնասէ Հայաստանի եւ հայութեան շահերուն: Այս ձեւով հնարաւոր չէ հայանպաստ, գիտակից հանրային կարծիք ստեղծել: Այսպէս հանրային կարծիքը կ՛ապակողմնորոշուի: Հրապարակը կը լեցուի տնային բամբասանքի մակարդակ ունեցող կեղծ լուրերով, որոնք իրենց նկարագիրով քանդիչ են: Անկախացումէն ի վեր Հայաստանը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ: Ունի հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու խնդիր: Ահա ա՛յս իմաստով ես կը մօտենամ Արցախի հարցին: Երբ կը խօսինք Արցախի մասին, մեր ներքին տրամաբանութիւնը մեզի պէտք է թելադրէ հետեւեալ իրականութիւնը` Արցախը մասն է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան:

Գ. Մ.-  Համահայկական արժեհամակարգն ունի՞ նոր սահմանման անհրաժեշտութիւն:

Վ. Բ.- Համահայկական արժեհամակարգը ունի բաղադրիչներ, որոնցմէ առաջինը հայրենիքն է: Հայաստանը զբօսաշրջութեան ու քանի մը շաբաթ հանգստանալու եւ զուարճանալու վայր չէ: Հայաստանը հայրենիք է, որ ունի իր ժողովուրդը: Մամուլը ժողովուրդը ազգի վերածելու առաքելութիւն ունի նաեւ: Համահայկական արժեհամակարգի երկրորդ բաղադրիչը հայ ազգն է, երրորդը` մեր մշակոյթը, չորրորդը` մեր անցեալն ու պատմութիւնը: Հայոց պատմութենէն մեզի փոխանցուած են այնպիսի արժէքներ, որոնց տիրութիւն ընելու պարտաւորութեան տակ ենք ոչ միայն մենք` իբրեւ ազգ, այլեւ, մասնաւորապէս, հայ մամուլը: Այս տեսանկիւնէն նայելով, երբ կը խօսինք համահայկական արժեհամակարգի մասին, ես ցաւ ու զայրոյթ կ՛ապրիմ, երբ կը կարդամ կառավարութեան այն որոշումը, որուն համաձայն, պէտք է վերացուին մշակոյթի ու սփիւռքի նախարարութիւնները: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները չեն գիտակցիր համահայկական արժեհամակարգը պահպանելու եւ ամրապնդելու  կարեւորութիւնը: Մշակոյթի նախարարութեան գործառոյթը թատրոններ պահելը, արուեստագէտներուն վճարելը եւ ձեռնարկներ կազմակերպելը չէ, անիկա ունի աւելի մեծ եւ խորքային առաքելութիւն: Մշակոյթը այն հասարակական հողն է, որ նոյնացած է մեր ազգային ինքնութեան հետ: Ատոր համար կարեւոր է մշակոյթի նախարարութիւն ունենալը: Նոյնը կը վերաբերի սփիւռքին: Տասնամեակներ առաջ ես կը մտածէի, որ սփիւռքը մնայուն երեւոյթ չէ: Անիկա այսօր կայ, վաղը չկայ: Տասնամեակներու ընթացքին, իբրեւ սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած հայ, հասկցայ, որ սփիւռքը լուրջ գործօն եւ  ազդակ է համահայկական ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ: Սփիւռքը առողջ եւ գործօն  պահելը կը բխի նաեւ Հայաստանի եւ հայութեան շահերէն: Հայաստանն ու սփիւռքը զիրար սնուցանող յարաբերութեան մէջ պէտք է դիտարկել: Սփիւռքը հնարաւոր չէ պատկերացնել առանց ուժեղ Հայաստանի, իսկ ուժեղ սփիւռքն իր հերթին զօրաւոր նեցուկ է Հայաստանի համար: Արտերկրի մէջ այնպիսի ոլորտներու եւ ուղղութիւններու մէջ կը տարուին քաղաքական աշխատանքներ, ուր Հայաստանի դեսպանատուները չեն կրնար կամ պիտի չմտնեն, իսկ տեղի հայկական համայնքները կրնան զանոնք կեանքի կոչել: Համադրուած գործելը այսօր Հայաստանի համար շատ կենսական է:  Այս իմաստով կարեւոր է սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորումը, գործառոյթներու յստակացումը: Անիկա անհրաժեշտ է վերակառուցել մեր ազգային ընդհանրական շահերու ներքին տրամաբանութեամբ: Ասիկա է լուծումը:

Ես որպէս դաշնակցական կը խօսիմ: Այս խնդիրներուն ՀՅԴ գաղափարախօսական տեսանկիւնէն մօտենալու պարագային պէտք է փաստել, որ մեզի համար առաջնահերթութիւնը Հայաստանի եւ հայութեան շահերն են, որոնք կը պահանջեն, որ ամուր ըլլան կապերը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, որպէսզի այդ կերպ օգուտ քաղուի երկուստեք: Անկախացումէն առ այսօր Հայաստանը պատերազմական վիճակի մէջ է: Զինադադար  հաստատուած է, եւ չէ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիր: Մենք շրջափակուած ենք Ազրպէյճանի եւ անոր ամենասերտ ռազմավարական դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ: Մենք Թուրքիոյ հետ եւս ունինք անլոյծ հիմնահարցեր: Այս ուղղութեամբ Թուրքիան եւ միջազգային հանրութիւնը պարտաւորութիւններ ունին Հայաստանի նկատմամբ: Մենք այս ամէնը չենք կրնար մեր արտաքին քաղաքական ուղղութիւններէն դուրս հանել: Ասոնք պէտք է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմեն: Մեր մամուլը մնայուն ձեւով պարտաւոր է այս հարցերը արծարծել, որպէսզի ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ վառ պահէ սեփական իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու գաղափարը:

Գ. Մ.-  Յունուար 28-ին նշեցինք հայոց բանակի հիմնադրման 27-րդ տարեդարձը, իսկ յաջորդ օրը` Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցը: Ի՞նչ կը խորհրդանշեն այդ  իրողութիւններն այսօրուան հայուն համար` Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ:

Վ. Բ.- Արամ Մանուկեանը այն անձն էր, որ աճած էր Դաշնակցութեան գաղափարական քուրային մէջ, որ 1918-ի մայիսեան օրհասական օրերուն կրցաւ ժողովուրդը վերածել ազգի, յաջողեցաւ իրարու հաւասար մակարդակի բարձրացնել ազգն ու բանակը, որուն շնորհիւ` մենք յաղթանակ արձանագրեցինք Սարդարապատի մէջ եւ ոչինչէն ստեղծեցինք պետութիւն: Արամը ազգ-բանակ գաղափարի ամենամեծ ջատագովներէն մէկն էր: Այսօր այս գաղափարը շատ կենսական է Հայաստանի համար: Հայաստանը չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ, որ բանակը վերածուի սոսկ ինչ-որ ապահովական գործառոյթներ իրականացնող մարմինի: Բանակը մեր երկրի հողային ամբողջականութեան երաշխաւորն է: Բանակը իր թիկունքին պէտք է ունենայ ժողովուրդին աջակցութիւնն ու նեցուկը: Մամուլը պարտաւոր է ընդգծել այս գաղափարը, որպէսզի Հայաստանը դառնայ անխոցելի: Մենք պարտաւոր ենք Հայաստանը վերածել անխոցելի ամրոցի: Չեմ սիրեր «հակառակորդ» մոլորեցնող բառը օգտագործել, երբ ունինք «թշնամի» բառը: Արտաքին  թշնամիներու դէմ Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորը հայկական բանակն է` հայ ժողովուրդին հետ միասին: Սահմանին կանգնած կամ զօրամասին մէջ ծառայող մեր զինուորը պէտք է զգայ համայն հայութեան զօրակցութիւնը: Այս գաղափարը տարածելու առաքելութիւնը մամուլը պէտք է առնէ իր ուսերուն, որպէսզի մենք Հայաստանը դարձնենք ապահով եւ անխոցելի երկիր: Մեր թշնամիները թող չմտածեն, որ իրենք կրնան երբեւիցէ խաղալ մեզի հետ: Մենք ֆութպոլի գնդակ չենք, որ իրենց ուզածին պէս մեզի աջ կամ ձախ գլորեն:

Գ. Մ.