3 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Թուրքիա-ԵՄ Գագաթնաժողով Տեղի Պիտի Ունենայ
ԵՄ խորհուրդի նախագահ, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թէոտոր Մելեշգանու յայտարարած է Պուխարեսթի մէջ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ կայանալիք գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet-ը։
Մելեշգանու յայտնած է, որ գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրհողանը եւ ԵՄ պաշտօնեաներ:
ԵՄ խորհուրդի նախագահը նշած է, որ «ուժեղ» աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Թուրքիոյ հետ բանակցային գործընթացի շարունակութեան:
Անոր խօսքով` դեռ յայտնի չէ գագաթնաժողովին օրը, սակայն հաւանական է, որ տեղի ունենայ Մարտի սկիզբը:
Խորհուրդի նախագահը, անդրադառնալով Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի վերջին նիստին, որ կայացած է 2015-ին, ըսած է. «Մեր առաջարկներէն մէկը այն է, որ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ կրկին կազմակերպուի խորհուրդի նիստ: Մեր նպատակն է նոր լիցք հաղորդել եւ արագացնել տարբեր հարցերու շուրջ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Մաքսային միութեան» հետ կապուած միտումները»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ որոշում կայացնող բարձրագոյն մարմինը հանդիսացող «Համագործակցութեան խորհուրդը» 3 տարի է չի հաւաքուած:
