Մոսկուա Իր Քաղաքացիներուն Նկատմամբ Խտրական Վերաբերմունքին Մասին Գրութիւն Յղեց Ատրպէյճանի Դեսպանատուն

Աշխարհ

 

Յունուար 15-ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանի օդակայաններուն մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին վերաբերեալ գրութիւն մը յղեց Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն։

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա Յունուար 11-ին յայտնած էր, թէ յոյս ունի, որ Պաքու վերջ կը դնէ Ռուսիոյ քաղաքացի հայերու նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին եւ այսուհետեւ չ՛արգիլեր անոնց Ատրպէյճան մուտքը: Ան նաեւ Պաքուի օդակայանէն ռուսահայ քաղաքացիները արտաքսելու դէպքերը որակած էր «Ռուսիոյ քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ»:

Աւելի ուշ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա «գրգռիչ ու հակաատրպէյճանական» որակած էր Զախարովայի այս պնդումները։