Արցախի Պետական Պիւտճէի Մուտքերը Պիտի Աւելնան 5 Միլիառ Դրամով. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստան

«Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի իր էջին վրայ ներկայացուցած է ԱՀ 2019-ի պետական պիւտճէի մուտքերու մասին գրութիւն, որոնք պիտի աւելնան լրացուցիչ մօտ 5 միլիառ դրամով:

 

Գրութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնով.

 

«Օրեր առաջ Արցախի Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած է «Շարժում-88» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդուարդ Աղաբեկեանի նախաձեռնած «ԱՀ ընդերքի մասին օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծը, որմով վերացուած է «Բէյզ Մեթըլս» հանքագործական ընկերութեան գործունէութեան համար սահմանուած հարկային արտօնութիւնը, եւ պետական պիւտճէի եկամուտները այս տարի պիտի աւելնան լրացուցիչ 5 միլիառ դրամով:

Լուրը, իսկապէս, ուրախալի է, քանի որ կառավարութիւնը աւելի մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ստանայ՝ մեր հանրապետութեան մէջ հասարակական-տնտեսական բազմաթիւ հարցեր լուծելու: Բայց եկուր տես՝ որոշ քաղաքական ուժեր թեմային շուրջ տարակարծութիւններ ունեցած են…

Քանի որ իբրեւ հանրապետութեան վարչապետ՝ 2013-ին ես բանակցած եմ նշուած ընկերութեան հետ, իսկ օրէնսդրական նախաձեռնութեան հեղինակը եղած է կառավարութիւնը, կ՝ուզեմ անդրադառնալ այս բոլորի նախապատմութեան, որպէսզի ոչ մէկուն համար չպարզաբանուած հարցեր մնան:

2012-13-ին արդէն պարզ դարձած էր, որ Դրմբոնի ոսկիի հանքի պաշարները նախատեսուած ժամանակէն շուտ կ՝աւարտին, եւ կառավարութեան առջեւ խնդիր դրուած էր գործնական կերպով լուծելու «Բէյզ Մեթըլս»-ի մէջ ընդգրկուած աւելի քան 1000 աշխատողներ այլ աշխատանքով բաւարարելու հարցը, ինչպէս նաեւ լրացնելու ընկերութեան կողմէ պետական պիւտճէ վճարուող հարկային մուտքերուն չափը: Նախընտրելի տարբերակը այդ նոյն ենթաշրջանին Կաշենի պղինձի հանքավայրի շահագործումն էր, ուր դեռ խորհրդային տարիներուն սկսած էին հետազօտական աշխատանքներ, սակայն չէին աւարտած: Առկայ փաստաթուղթերուն հիման վրայ «Բէյզ Մեթըլս»-ը աւարտին հասցուց հանքավայրի հետազօտութիւնը, եւ դրական եզրակացութեամբ սկսան քննարկումները անոր շահագործման շուրջ:

Իբրեւ արդիւնք՝ կառավարութիւնը, արտօնեալ պայմաններով, 100 միլիոն տոլարի չափով վարկ տրամադրեց ընկերութեան եւ տարածքին մէջ իրականացուց ենթակառուցուածքներու կառուցում շուրջ 20 միլիոն տոլարի չափով: Այդ աշխատանքներուն ծիրէն ներս՝ պետութիւնը կառուցեց Սոթք-Հաթերք-Կաշեն բարձրավոլթ օդային գիծը եւ տեղադրեց հզօր ենթակայան, որպէսզի լուծուի ելեկտրականութեան մատակարարման հարցը, ինչպէս նաեւ Խաչենի ջրամբարի ջուրի զգալի մասը տրամադրուեցաւ ընկերութեան՝ անջրդի ձգելով մեծաքանակ հողատարածքներ, քանի որ այլ տարբերակ չկար հանքի շահագործման, միաժամանակ հազարաւոր աշխատատեղերու պահպանման եւ նորերու ստեղծման համար:

«Բէյզ Մեթըլս»-ի յաջորդ պահանջը ուղղուած էր հարկային արտօնութիւններուն, որպէսզի թեթեւցուի վարկային բեռը: Ըստ ներկայացուած ծրագիրին՝ ընկերութիւնը պէտք է արդիւնահանէր եւ վերամշակէր տարեկան 1,8 միլիոն թոն հանքաքար: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերինք, որ վարկի սպասարկման համար պիտի տրուի 6 տարուան, կամ, աւելի ճիշդ, 3+3 տարուան հարկային արտօնութիւն: Այսինքն՝ բանակցութիւններու պահուն ընկերութեան կողմէ կանխատեսուող եկամուտներուն չափը, առկայ գիներու եւ ներկայացուած ծաւալներու պայմաններով, համահունչ էր 6 տարուան, սակայն եթէ բանակցութիւններէն ետք՝ երկրորդ եռամեակին, ընկերութեան շահոյթը նախանշուած ժամկէտէն աւելի շուտ ապահովէր անհրաժեշտ նիւթական միջոցները՝ այդ ժամանակ պիտի դադրեցուէր սահմանուած արտօնութիւնը: Պէտք է ըսեմ, որ Կաշենի հանքավայրի շահագործումէն ի վեր ընկերութիւնը ամէն տարի կ՝աւելցնէր արդիւնահանման ծաւալները, եւ միայն 2018-ին «Բէյզ Մեթըլս»-ը վերամշակած է շուրջ 6 միլիոն թոն հանքաքար:

Այսինքն, կրնանք արձանագրել, որ, նախ, վարկի սպասարկման համար կառավարութեան եւ ընկերութեան նախապէս համաձայնեցուցած վերամշակման ծաւալը շատոնց գերազանցուած է: Երկրորդ՝ վերջին տարիներուն պղինձի միջազգային գիները աւելի բարձր են, քան եղած են բանակցութիւններու ժամանակ: Ինչ կը վերաբերի լրացուցիչ արդիւնահանման նպատակով ընկերութեան կողմէ կատարուած նոր ներդրումներուն համար եւս հարկային արտօնութիւններ սահմանելուն՝ նշեմ, որ այդ մասին ի սկզբանէ որեւէ համաձայնութիւն չէ եղած: Այսինքն, այդ պարագային ընկերութիւնը ներդրումներ պէտք է կատարէ կա՛մ սեփական, կա՛մ ներգրաւուած միջոցներու հաշուին:

Ուստի, վերոնշեալ օրէնքի ընդունումովբ կառավարութեան կողմէ որեւէ համաձայնութիւն չէ խախտուած, եւ «Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւորներու գերակշիռ մասը օրինագիծին կողմ քուէարկած է՝ առաջին հերթին հաշուի առնելով այս իրողութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի այն մտահոգութիւններուն, թէ օրինագիծին ընդունումը կրնայ խոչընդոտել ընկերութեան յետագայ զարգացումը՝ ըսեմ, որ համամիտ չեմ: «Բէյզ Մեթըլս»-ը, բացի արդիւնահանման մեծ ծաւալներու եւ պղինձի բարձր գիներու շնորհիւ լրացուցիչ շահոյթ ստանալէն, անցեալ տարիներուն ընթացքին ապացուցած է նաեւ, որ ունի փորձառու կառավարման համակարգ, որուն օրինակելի կարգաւորման համբաւը շատոնց յայտնի է ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ արտերկրի հեղինակաւոր ընկերութիւններուն: Ընկերութիւնը վստահելի գործընկեր է, եւ, համոզուած եմ, դեռ երկար տարիներու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը սպասուի անոր հետ:

Յ.Գ. Ի դէպ, տարեվերջին Կառավարութեան առաջարկով Խորհրդարանը փոփոխութիւններ կատարած է նաեւ «Շահութահարկի մասին» ԱՀ օրէնքին մէջ, որմով մասնաւորապէս ջրաելեկտրական ոլորտին մէջ ելեկտրականութիւն արտադրող ընկերութիւններու շահութահարկը եւս աւելցած է նոյն չափով՝ 10-էն դառնալով 20 տոկոս: Հետաքրքրական է՝ ո՞րն է տարբերութիւնը, ինչո՞ւ այդ քաղաքական ուժերը այս մասին ոչ մէկ խօսք ըսին…»: