Փաշինեան Մոսկուայի Մէջ Պիտի Հանդիպի Փութինի Հետ
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Դեկտեմբեր 27-ին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիա:
Կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է անոր հանդիպումը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փութին եւ Փաշինեան պիտի քննարկեն երկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր:
