Գամիշլիի մէջ Ներսիկ Իսպիրեան Կը Բոցավառէ ՀՅԴ-ի 128-ամեակի Հանդիսութիւնը

Սփիւռք

Վաստակաւոր երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան Միջին Արեւելքի կատարած շրջապտոյտին ընթացքին այցելեց Գամիշլի։ Սուրիոյ Պատերազմի երկար տարիներէն ետք Իսպիրեանի եւ անոր նուագախումբի կատարած այցելութիւնը Դաշնակցութեան ծնունդի 128-ամեակի առթիւ բոցավառեց ժողովուրդի սրտերը։

Դեկտեմբեր 20-ին Կիւլպէնկեան սրահէն ներս ամբողջ 3 ժամերու տեւողութեամբ աննախընթաց երգահանդէսով մը ելոյթ ունեցան անզուգական Իսպիրեանը, որ կ՛ոգեւորեց ներկաները ազգային եւ յեղափոխական երգերով։ Ան վերակենդանացուց յուշերը միշտ ապրող կուսակցութեան փառաւոր պատմութեան։ Արուեստագէտ Ներսիկ նշեց, որ թէ Հայաստանի եւ թէ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ` Գամիշլիի հայութիւնը այնքան լաւ տպաւորուած են զինք, որ անհամբեր կը սպասէր այցելելու հեռաւոր, բայց մեր պատմական Հայաստանի ամէնամօտիկ` Գամիշլին։ Իսկ տուտուկի բացառիկ կատարողութեամբ Արայիկը յուզեց ներկաները եւ ջերմութեամբ լեցուց սրտերը ։

Հայաստանի Հանրապետութեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան դրօշներով եւ “արիւնոտ դրօշով” երգահանդէսին յաջորդեց մտերմիկ ընթրիք մը, երբ ներկաները շնորհաւորեցին Դաշնակցութեան տարեդարձը եւ խոր շնորհակալութիւն յայտնեցին Իսպիրեանին եւ անոր նուագախումբին, որոնք երկրի ներկայ տագնապալի օրերուն ոչ մէկ ջանք խնայեցին ոգեւորելու գաղութի զաւակները։

Իսպիրեան Սուրիա պատարած շրջապտոյտի ընթացքին կ՛այցելէ նաեւ Հալէպ, Դամասկոս եւ Լաթաքիա, ուր, ինչպէս Գամիշլիի մէջ, կը գտնէ շատ ջերմ ընդունելութիւն։

Ռիդա Սարգիսեան-Տէր Կարապետեան

Յատուկ “Եռագոյն”-ին