ԱՄՆ Քոնկրեսականները Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Զարգացնելու Կոչով Դիմած են Մայք Փոմփէոյին

Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամները ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին յղած են բաց նամակ, որով հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւնները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու կոչ ըրած են։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի ֆէյսպուքի էջը, Փոմփէոյին ուղղուած բաց նամակին տակ ստորագրած են քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիյեր, Տէյվ Թրոթ, Ֆրանք Փալոն, Տէյվիտ Վալատաօ, Ատըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս:

Անոնք կոչ ըսած են հայ-ամերիկեան տնտեսական հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովը ծառայեցնելու որպէս  շարունակական ռազմավարական երկխօսութեան հարթակ, ուր կը քննարկուին համատեղ շահերու, ընդհանուր արժէքներու, ինչպէս նաեւ հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած երկկողմ համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք, որոնք ամրագրուած են Դեկտեմբեր 9-ին կայացած ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններով, Հայաստան որդեգրած է ժողովրդավարական զարգացման օրինակ` գերազանցելով  յետխորհրդային տարածքի միւս պետութիւնները:

«Եկած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական յառաջընթացը ամրապնդելու եւ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու ժամանակը»,- ըսուած է նամակին մէջ:

Քոնկրեսականները կ՛առաջարկեն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու տեսանկիւնէ ընդլայնել աջակցութիւնը փտածութեան դէմ պայքարի, ուժեղ քաղաքացիական հասարակութիւն ձեւաւորելու, լրատուամիջոցներու ազատութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ` բարեփոխումներու իրականացման համար ստեղծելով աշխատանքային խումբեր կամ մեքանիզմներ: Անոնք կը նշեն, որ ամբողջական ժողովրդավարութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ երկրին մէջ տնտեսական յառաջընթաց ըլլայ եւ յոյս յայտնած են, որ ԱՄՆ-ն ուշադրութիւն դարձնէ այն հանգամանքին, որ Հայաստանը երկու կողմէ շրջափակուած է, ինչ որ ծանր ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրի տնտեսութեան վրայ:

Քոնկրեսականները նաեւ խնդրած են մշակել Հայաստանի հետ ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը խորացնելուն միտուած քաղաքականութիւն եւ ծրագիրներ մշակել: