Հալէպի Մէջ Աւելի Քան Հարիւր Շէնք Պիտի Կառուցեն

Աշխարհ

Հալէպի Ճամայաթ Ալ Ռիյատի նոր շրջանին մէջ, աւելի քան հարիւր բնակելի շէնք պիտի կառուցեն յառաջիկայ չորս տարիներուն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներուն պատմած է նախագիծի ճարտարագէտ Այմատ Ալի: «Այժմ մենք կը վերականգնենք ռմբակոծումէն տուժած 300 աւելի շէնք, իսկ ատիկա շուրջ հազար բնակարան Է: Նաեւ այդ շրջանին մէջ կը կառուցենք 110 նոր շէնք, այստեղ պիտի ըլլայ հինգ հազար բնակարան»,- նշած է Ալի:

Տակաւին 2012-ին շինարարները կառուցած եւ յանձնած էին 360 շէնք, բայց այդպէս ալ չէին հասցուցած բնակեցնել զանոնք. այստեղ կ՝ընթանային մարտական ծանր գործողութիւններ, իսկ նորակառոյցները իբրեւ թաքստոց կը ծառայէին զինեալներու համար: Այժմ ատիկա շինարարական խոշորագոյն հրապարակն է Սուրիոյ մէջ, անոր տարածքը աւելի քան 50 հեկտար է:

Սակայն քաղաքը վերականգնելու համար գլխաւոր խնդիրը, ինչպէս պատմած է Ալի, կը մնայ որակեալ աշխատող ձեռքերու պակասը: Այնուամենայնիւ, շինարարները կը ծրագրաւորեն շրջանը յանձնել չորս տարի ետք, քանի որ Հալէպի մէջ խաղաղ կեանքի հետ վերադարձած է նաեւ բնակարանի պահանջարկը։ Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն: