Համազգայինի 90-ամեակի Յոբելինական Ձեռնարկով Աւանդականին ու Արդիականին Միջեւ Կամուրջ մը Նետուեցաւ (լուսանկարներ)
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին իսկ խօսքով, Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին «Գէորգ Եսայեան» սրահ հաւաքուած հանդիսականները Համազգայինի 90-ամեակը խորհրդանշող դասական ձեռնարկի մը կ՛ակնկալէին ներկայ եղած ըլլալ, այնպէս ինչպէս սովորութիւն դարձած էր շատ մը յոբելեաններու յիշատակումին պարագային:
Ըստ «Գանձասար»-ի՝ Կիրակի երեկոյեան, սակայն, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկով, կազմակերպիչ մարմինին երիտասարդները անակնկալ մը մատուցեցին բոլորիս: Ըլլալ, պահել աւանդականը, ունենալ այդ ամբողջ ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ոճով բեմ բարձրացնել զայն: Այս էր ձեռնարկին միտք բանին։
Անոնք հայ մշակոյթի կարկառուն դէմքերը բեմ բարձրացուցին, վերապրեցուցին, անոնց մտահոգութիւնները ներկայ զարգացումներուն առընչեցին, ապա Համազգայինի պատմական ու ներկայ դերը գեղարուեստական եւ թատերական դուրեկան ներկայացումով մը ըմբոշխնել տուին հանդիսատեսին:
Բեմականացումը կատարած էին Յուշիկ Ղազարեանը, Շանթ Ուրիշեանն ու Գէորգ Արոյեանը:
Ո՛չ քարոզներ, ոչ ալ յորդորներ հնչեցին բեմէն: Հայ մշակոյթին ու համաշխարհայնացման դեւին ճակատումն էր ու առաջինիս սփռած լոյսը՝ հայ երիտասարդութեան վրայ:
Եւ ահա՛, բացման խօսքերէն ետք, Կոմիտասը յայտնուեցաւ բեմահարթակ: Ան զայրացած էր ու յուսահատ՝ հայ երգի ներկայ աղաւաղումին ու երիտասարդութեան անտարբերութեան ի տես: «Կեանքս նուիրեցի հայ երգին ու զայն ձեզ կտակեցի, որպէսզի այսպիսի վատորակ երգերո՞վ զուարճանաք…», կը լսէր թրքաբարոյ երգերն ու արդարօրէն կը բողոքէր Կոմիտաս, իսկ համաշխարհայնացման դեւը հեգնանքով քրքիջ մը կ՛արձակէր. «Հա՜ հա հա՜… ի՞նչ մշակոյթ, ի՞նչ որակ, դուք անմխիթար վիճակի մէջ էք, իրապաշտ եղէք ու մի՛ յուսաք որ նոր սերունդը կ՛ապրեցնէ ձեր մշակոյթը: Հա հա հա՜…»:
Կոմիտաս յուսահատ, գլուխը յենած դաշնամուրին, հայ երգին անկումը կ՛ողբար: Ու յանկարծ, երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ շարք առ շարք, գաղտագողի բեմահարթակ բարձրացան, խմբավարն ու դաշանակահարն ալ անձայն բեմ ելան ու Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը հմայիչ կատարողութեամբ հնչեցուց Կոմիտասի երգերը: Կոմիտասի դէմքին ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ: «Ովքե՞ր էք դուք, ո՞ւր սորված էք այս երգերը…», խանդավառուած խորունկ շունչ մը քաշեց ու բեմահարթակին վրայ ծալապատիկ նստելով վերացաւ Կոմիտաս՝ իր իսկ իր երգերուն հմայքը վայելելով:
Համաշխարհայնացման դեւը այս անգամ քահքահաձայն ծիծաղով դիմեց Մայր Հայաստանին. «Այս քանի մը հոգի՞ն պիտի փրկեն ձեր մշակոյթը… Հա հա հա՜…»:
Մայր Հայաստանը հպարտ հայեացքով իր զաւակները կանչեց:
Ու նախ Արտաւազդ Բ. թագաւորը,- որ հայ թատրոնի հիմնադիրն էր,- շքերթով մը, հանդիսականներուն մէջէն անցնելով բեմ բարձրացաւ:
-Հա հա հա՜….
Ու բեմ բարձրացան Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, անոնք ներկայացուցին Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակը:
-Հա հա հա՜…
Ու բեմ բարձրացաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց. ան 1600-ամեայ Հայոց այբուբենը պահպանելու կոչ ուղղեց, իսկ երիտասարդ համազգայնականներ հայ բանաստեղծներէ ընտիր քերթուածներ արտասանեցին:
-Հա հա հա՜…
Ու հանդէս եկան Համազգայինի «Սարդարապատ», «Շուշի» պարախումբերը եւ հայկական շէնշող պարերուն ներքոյ տօնական մթնոլորտ մը տիրեց սրահէն ներս:
Հանդիսատեսը քար լռութեամբ կը հետեւէր սրտաթրթիռ յայտագիրին:
Այս անգամ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներն էին, որոնք երաժշտական տարբեր գործիքներով հայ դասական եւ ժողովրդային ստեղծագործութիւններ հնչեցուցին: Այս ընթացքին, համազգայնականներ բեմի ճակտին մաս առ մաս տեղաւորեցին Համազգայինի նշանակը:
Այստեղ էր որ համաշխարհայնացման դեւը անճրկեցաւ ու տեղի տուաւ:
Նման բեմականացումով համազգայնական երիտասարդները յոբելինական ձեռնարկը նորովի ոճով օժտեցին ու Համազգայինի դերակատարութեան էութիւնը պարզեցին:
Բանախօս, Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, իր կարգին, նախ անդրադարձաւ Համազգայինի առաքելութեան, Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներուն: Ան ներկայ պայմաններուն եւ ճարտարագիտական զարգացումներուն լոյսին տակ առարկայական մօտեցումով Համազգայինի ժամանակակից ու նորարար աշխատանքին հրամայականը ընդգծեց:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան յոբելեանի այսօրինակ յիշատակումն ու իրագործումը նկատեց յանձնառութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւն, արտասովոր ու շնորհաւորելի քայլ:
Աւելցնենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչը, Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամներ՝ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, Անդրանիկ Միսրլեան, Կարօ Ալեքսանեան, Շրջ. Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ:




