Թեսաղոնիկէի «Ս․ Աստուածածին» եկեղեցւոյ 115-ամեակ (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Աւանդութիւն դարձած Թեսաղոնիկէի «Ս․ Աստուածածին» եկեղեցւոյ ուխտի օրը այս տարի առաւել եւս մեծ շուքով տօնուեցաւ։ Թեսաղոնիկէ հաստատուած հայորդիները՝ հետեւելով իրենց ազգային ոգիին ու հոգեւոր արժէքներուն, 1903 թուականին քաղաքին մէջ կառուցեցին «Ս․ Աստուածածին» եկեղեցին։ Իբրեւ երախտիք՝ ամէն տարի, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան օրը կը կատարուի մատաղով։ Տարուէ-տարի սովորութիւնը դարձաւ աւանդութիւն, իսկ աւանդութիւնը՝ ժողովուրդի հոգւոյն անբաժան մասնիկը։

ԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՏԱՂԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Ուրբաթ՝ 23 Նոյեմբեր 2018ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքէն ներս առաւել եւս եռուզեռ կար, երբ Թաղական Խորհուրդի անդամներ, Տիկնաց Միութեան անդամուհիներ, միութենական կեանքի մէջ գործող անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի հայ հաւատացեալներ անգամ մը եւս միախմբուեցան եկեղեցւոյ շուրջ՝ հանդիսաւոր կերպով նշելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 115 ամեակի տօնական օրը։

Առ այդ, օրը սկսաւ Տիկնաց Միութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքներով՝ առ ի աղի օրհնութեան։ Առաւօտեան ժամը 9։30ին, շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ․ Փաշայեան կատարեց աղի օրհնութիւնը, որպէսզի Տիկնաց Միութեան անդամուհիներ եւ կամաւորներ սկսին մատաղի պատրաստութեան՝ որպէս նախօրեակ յաջորդ օրերուն հանդիսաւոր տօնակատարութեանց։ Տիկնաց Միութեան բծախնդիր աշխատանքով ամբողջ օրը կատարուեցան մատաղի պատրաստման աշխատանքները։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ ճաշ, ներկայութեամբ՝ յունահայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանի, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնաց Միութեան անդամ-անդամուհիներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն։ Թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց բոլորին։

ԿԻՐԱԿՆԱՄՈՒՏՔԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամը 7-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կողքին ունենալով Թեսաղոնիկէի Հոգեւոր Հովիւը, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, եւ ներկայութեամբ՝ բազմաթիւ հայրենակիցներու, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնամտից Ժամերգութիւն։

Իսկ ժամը 8էն սկսեալ, նախագահութեամբ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Թեսաղոնիկէի «Δ.Ε.Θ.»ի «ΑΙΜΙΛΙΟΣ ΡΙΑΔΗΣ» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Տիկնաց Միութեան, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիքը՝ նշելու եկեղեցւոյ 115ամեակն ու Տիկնաց Միութեան 10ամեակը։ Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ պրն․ Պօղոս Չոլաքեան, ազգային երեսփոխաններ եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Թաղական Խորհուրդի, Տիկնաց Միութեան, Թեսաղոնիկէի ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 150 թեսաղոնիկահայեր։

Օրուան բացումը կատարեց Տիկնաց Միութեան ատենապետուհի տիկ․ Վերգին Աւետիսեան, որ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ Տիկնաց Միութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու կանխաւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 115ամեակն ու Տիկնաց Միութեան 10ամեակը։ Ապա, Տիկնաց Միութեան գանձապահուհի տիկ. Անժէլ Փափազեան յունարէն լեզուով ներկայացուց վարչութեան տեղեկագիրը։ Իսկ գաղութի ծխականներէն տիկ. Արաքսի Վահեւնունի ամփոփ կերպով ներկայացուց «մատաղ» բառին իմաստը։ Հուսկ, պրն. Պօղոս Չոլաքեանի առաջարկով կենացներ խմուեցան Յունաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն եւ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդին։

Օրուան սեղանապետութիւնը ստանձնած էր շրջանի Հոգեւոր Հովիւը, որ գեղեցկօրէն մթնոլորտ ստեղծեց օրուան տօնախմբութիւնը վարելու տրամադրութեամբ եւ զանազան բաժակաճառներով յարգեց բոլորին։ Ապա՝ Հայր Սուրբին կողմէ ընթերցուեցաւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի միամեայ տեղեկագիրը, պաստառին վրայ ունենալով նաեւ յունարէն լեզուով թարգմանուած տարբերակը։ Յաջորդեց ընթրիքը եւ հրամցուեցան աղանդերներ։ Ընթրիքէն անմիջապէս ետք, առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ Տիկնաց Միութեան ներկայ ու նախկին անդամուհիներուն կողմէ հատուեցաւ Օրուան կարկանդակը՝ Տիկնաց Միութեան 10ամեակին առիթով։

Տիկնաց Միութեան 10ամեակի ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ նաեւ նկարներու ցուցադրութիւն, ուր 10 տարիներու վրայ տարածուած գործունէութեան նկարներ անգամ մը եւս ուրախ յիշատակներ արթնցուցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ. պրն. Պետրոս Հալլաճեան իւրաքանչիւր նկարի համար բացատրութիւններ տուաւ։ Իր սրտի խօսքը ունեցաւ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն․ Արթին Աբրահամեան՝ բարի գալուստ մաղթելով եւ եկեղեցւոյ 115ամեակը շնորհաւորելով մաղթեց բոլորին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։

Ձեռնարկը աւելի ճոխացնելու մտադրութեամբ, հանդէս եկաւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի հովանաւորութեան տակ գտնուող «Մասիս» պարախումբը, որ ճկունօրէն եւ ազգային վառ ապրումներով հայկական աւանդական պարերով ոգեւորեց ներկաները։

Ապա՝ հրաւիրուեցաւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, որպէսզի իր սրտի խօսքը ուղղէ։ Պրն. Չոլաքեան նախ Ազգ. Վարչութեան անունով շնորհաւորեց եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցներունը, հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն՝ մաղթելով ամենայն բարիք բոլորին։ Ան նշեց, որ այսօր ոչ միայն Թեսաղոնիկէն ուրախ մթնոլորտի մէջ է, այլ նաեւ ամբողջ յունահայութիւնը, որովհետեւ ազգ եւ եկեղեցի միաշաղախուած՝ հաւաքուած են սրահէն ներս եւ մեծաշուք կերպով կը տօնակատարեն եկեղեցւոյ 115ամեակը։

Ուրախ մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ, երբ բեմ հրաւիրուեցաւ Գեղամ Արք․ Խաչերեան՝ իր հայրական պատգամը փոխանցելու ներկաներուն։

Նախքան պատգամը, կատարուեցաւ հանդիսաւոր պարգեւատրումը Թաղականութեան կողմէ նկատի առնուած 3 անձնաւորութիւններու, որոնք Թեսաղոնիկէի հոգեւոր եւ ազգային ոլորտներէն ներս մեծ ներդրում ունեցած են, յանձինս՝ պրն. Գալուստ Չամասեանի, օրդ. Արշալոյս Տիարեանի եւ պրն. Մինաս Մինասեանի, որոնք յաջորդաբար պրն. Պօղոս Չոլաքեանի, Թեսաղոնիկէի Ազգ. Վարչութեան անդամուհի տիկ. Վերա Պլէճեանի եւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի ձեռամբ ստացան յուշանուէրները։

Փակման իր խօսքին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլորը՝ եկեղեցւոյ 115ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Տիկնաց Միութեան անխոնջ աշխատանքին ու գործունէութեան, շնորհաւորեց շրջանի Հոգեւոր Հովիւը, Թաղական Խորհուրդն ու  բոլոր միութիւններն ու կառոյցները այս տօնախմբութեան յաջողութեան համար։ Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ․- «Այս գաղութը նախանձելի՛ գաղութ է, այն առումով, որ ամէն տեսակ միութիւններ կը գործեն միասնաբար, հա՛յ մնալու, հայօրէ՛ն ապրելու ու ապրեցնելու, հակառակ տնտեսական այս ծանր վիճակին»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր զգացական խօսքը աւարտեց՝ ըսելով.- «Ամէն տարի, երբ կը հաւաքուինք այս եկեղեցւոյ տօնակատարութեան հանդիսութեան, կը յիշենք անոնց, որոնք մեզմէ բաժնուած են, անոնք՝ որոնք մեզմէ առ յաւէտ մեկնած են, կը յիշենք անցեալի յիշատակները եւ այսօր 115 տարիներ ետք մեզմէ կը պահանջուի միասնակամ ոգի ցուցաբերել գաղութին հանդէպ, նոր ոգի ու շունչ տալ գաղութի առաւել զարգացման ու վերելքին եւ այս բոլորը կը կատարուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեամբ»։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ «Պահպանիչ…» աղօթքով։

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Կիրակի՝ 25 Նոյեմբեր 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, «Ս․ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր եպիսկոպոսական Ս․ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագին ներկայ էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնց մէջ կային եւս Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններէն՝ Գաւալայէն, Քսանթիէն եւ Սէրրէսէն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ։ Ս․ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց յունահայոց թեմիս բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք․ Խաչերեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագները, կիսասարկաւագներն ու դպիրները եւ Ս․ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ սպասաւորներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Սուրբին։ Գաղութի ծխականներէն սոփրանօ՝ Տիկ. Սիրանոյշ Չալըքեան իր գեղգեղուն ձայնով եւս մասնակցութիւն բերաւ Ս. Պատարագի երգեցողութեան։

Իր քարոզին մէջ, առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ խօսելով եկեղեցւոյ տօնին կարեւորութեան մասին, ըսաւ․- «Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ այս եկեղեցին կառուցուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, եւ մեր հայրերն ու մայրերը Տէր-Զօրի տօթակէզ անապատէն ինչ-ինչ տառապանքներով կարողացան իրենց հաւատքը պահել հանդէպ հայ եկեղեցւոյ, հայ լեզուին, հայ ոգիին, հայ մշակոյթին… եւ այսօր 115 տարիներէ ի վեր հայ եկեղեցին իր բոլոր կառոյցներով կը շարունակէ աննկուն կամքով ու վճռակամութեամբ սպասարկել մեր ժողովուրդի զաւակներուն բոլոր կարիքներուն։ Այս եկեղեցին հիմնուեցաւ յոյն եւ հայ համակեցութեան, իրարու հետ սերտօրէն ապրելու խորհուրդով․ այս գմբէթը՝ որ բարձրացաւ առ Աստուած, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ձեռամբ որպէս արժանաւոր որդիներ՝ հա՛յ մնալու եւ մեր հայկականութիւնը բարձր պահելու ամրակուռ գիտակցութեամբ»։ Սրբազան Հայրը տեղեկացուց, որ «այս եկեղեցին պատահական կերպով չէ՛, որ անուանուեցաւ «Ս․ Աստուածածին», այլ՝ անուանուեցաւ «Ս․ Աստուածածին», մեր բոլոր սուրբերուն որպէս Թագուհին արժանանալով․ առաջին անձնաւորութի՛ւնը եղաւ, որ ո՛չ միայն Աստուծոյ հրեշտակին ձայնը լսեց, այլ մանաւանդ հաւատաց Անոր ձայնին, որ իրմէ ծնածը աշխարհի Փրկիչը, Օծեալը պիտի ըլլար․․․»։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Տիկնաց Մարմնի անդամ-անդամուհիներու, բարերարներու եւ սպասաւորներու ննջեցեալ հոգիներուն համար։

Անուհետեւ, առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով պատուեց Թեսաղոնիկէի գաղութի ծխականներէն սոփրանօ տիկ. Սիրանոյշ Չալըքեանը, որ դասական երաժշտութեան եւ երգարուեստի մեծ նուաճումներով փայլք եւ հրապոյր ցոլացուց եւ կը շարունակէ ցոլացնել յունահայութեան կեանքէն ներս եւ, ի մասնաւորի, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ տօնակատարութեանց եւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագներուն իր շնորհալի եւ հոգեզմայլ երգեցողութեամբ։

Աւարտին, առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ՝ առնուեցաւ յիշատակի նկարներ։

Այս առիթով՝ Թեսաղոնիկէի «Ս․ Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը կազմակերպած էր միութիւններու մասնակցութեամբ հաւաքական ճաշ, «ΜΙΑΜΙ» ճաշարանէն ներս, ուր աւելի քան 100 հայրենակիցներ մասնակցեցան եւ ուրախ մթնոլորտ ունեցան։ Տեղի ունեցան ողջոյնի խօսքեր, բաժակաճառներ եւ աւարտին առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ իր հայրական պատգամը՝ բոլորին առաւել ոյժ ներշնչելով, որպէսզի շարունակեն իրենց երթը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ու յատկապէս պայծառացման ի խնդիր։

ԱՐԻՒՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9։30էն մինչեւ 13։30, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ արիւնատուութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։ Գնահատելի երեւոյթ էր մեծ մասնակցութիւնը մեր երիտասարդ սերունդին։

Բոլորին վարձքը կատար։ Թող Աստուած իրենց ոյժը աւելցնէ եւ բոլորին պարգեւէ առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։

Թղթակից