
Յունաստանի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն 1988-ի Հայաստանի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին այսու կը յայտնենք, թէ Հայաստանի 1988-ի Սպիտակ քաքաղի աղիտալի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով, Կիրակի 9 Դեկտեմբեր 2018-ին Յունաստանի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն պիտի կատարուի։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեան եւ աղօթելու երկրաշարժի զոհերուն հոգիներուն համար միաժամանակ նաեւ՝ Հայաստան հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման համար։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ