
Արցախի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Են Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցի Առթիւ (լուսանկարներ)
1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի առիթով այսօր Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելած են բազմաթիւ քաղաքացիներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` յուշահամալիր այցելած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք, տարբեր գերատեսչութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու անդամներ, որոնք ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ խոնարհած են երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
Աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Արք․ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ ուղիղ 30 տարի առաջ տեղի ունեցածը մեծ ողբերգութիւն էր հայ ժողովուրդին համար:
«Այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոնց յիշատակին: Մենք Արցախէն հոգիով կը միանանք այդ աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներու մերձաւորներուն՝ սփոփելով անոնց ծանր վիշտերը»,-մասնաւորապէս ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդը:
Տեղեկացնենք, որ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ: