
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանը Հանդիսաւոր Կերպով Լուսաւորեց Տօնածառը
Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը` հանդիսաւոր կերպով լուսաւորելու համար տօնածառը, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։
Պուրճ Համուտի բնակիչները լեցուցած էին հրապարակը` դիտելու համար լուսաւորումը եւ վայելելու իրենց համար պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը:
Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Պուրճ Համուտի ոստիկաններէն Ռոմի Եուսեֆ ներկայացուց քաղաքապետարանին կազմակերպած ձեռնարկը եւ խօսքը յանձնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեանին:
Ճ. Գրիգորեան թէ՛ արաբերէնով եւ թէ՛ հայերէնով Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ անդրադարձ մը կատարեց տօնածառը զարդարելու աւանդութեան:
«Շատեր կը կարծեն, թէ տօնածառը կրօնական խորհրդանիշ է, մինչդեռ ան ժողովրդային աւանդութիւն է, որուն խորհուրդը այն է, թէ երբ ձմրան կիսուն ամէն բան սառած է եւ բնութիւնը մեռած, յատկապէս փոքրիկներուն ապահովութիւն ներշնչելու համար, թէ բնութիւնը դարձեալ պիտի ծաղկի եւ կեանքը պիտի շարունակուի, ծառ մը` ինչ որ այսօրուան տօնածառն է, կը զարդարէին, որպէսզի անոր շուրջ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեն: Կեանքի վերածաղկումը մեր հաստատ հաւատքն է: Մենք վստահ ենք, որ Լիբանանը եւ Պուրճ Համուտը աւելի գեղեցիկ օրեր պիտի տեսնեն, եւ տօնական այս օրերուն շրջանը զարդարելն ու տօնածառը լուսաւորելը մեր հաւատքին վերահաստատումն է», ընդգծեց Ճ. Գրիգորեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան, որ ձեռնարկին ներկայ երեխաներուն ընկերակցութեամբ լուսաւորեց տօնածառը, Պուրճ Համուտի թաղերուն եւ հրապարակին զարդարանքները` յոյս եւ ուրախութեան զգացում մը առթելով ներկաներուն հոգիներուն մէջ:
Ապա «Քազատու» խումբը իր խանդավառ երգերով ու խաղերով ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց հրապարակին վրայ գտնուող երեխաներուն համար, որոնք Կաղանդի երգեր հնչեցուցին եւ Կաղանդ պապային հետ պարեցին:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երգչուհիներ Շաքէ եւ Նայիրա Պաղտասարեաններ, երգիչ Մինաս Ադամեան, որոնք նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, մեկնաբանեցին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգեր` հայերէնով եւ անգլերէնով:
Ապա բեմ բարձրացաւ լիբանանցի վաստակաւոր երգիչ Սամի Քլարքը իր դստեր` Սանտրա Քլարքի հետ:
Սամի Քլարք յոյս եւ հաւատք մաղթեց բոլորին` հաստատելով, որ լիբանանցիները միշտ կառչած կը մնան յոյսին եւ յուսախաբ ըլլալ չեն գիտեր:
Ի սրտէ կատարուած այս մաղթանքէն ետք, Սամի Քլարք հայերէնով մեկնաբանեց «Ծաղիկներ ծաղիկներ» երգը:
Ապա Սամի եւ Սանտրա Քլարք ներկաներուն մատուցեցին Ս. Ծննդեան երգերու գեղեցիկ փունջ մը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ շարականներ, ինչպէս նաեւ Կաղանդի յատուկ ծանօթ երգեր:
Բոլորին ճաշակները գոհացուցած յայտագիրը աւարտեցաւ Շաքէ եւ Նայիրա Պաղտասարեաններու ու Սամի եւ Սանտրա Քլարքի խմբերգով:
Պուրճ Համուտի տօնածառը լուսաւորելու պաշտօնական արարողութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի թղթակիցը քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հարցուց այս առիթով անոր մաղթանքին մասին եւ ստացաւ հետեւեալ պատասխանը. «Խաղաղութիւն եւ առողջութիւն բոլորին»: