ՀՀ Օդուժի Սու-25 Օդանաւին Հետ Հապը Կորսուած է

Հայաստան

Դեկտեմբեր 4-ին, մօտ ժամը 10.20-ին, ամենօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագիրով ուսումնամարզական թռիչք իրականացնող ՀՀ զինուած ուժերու Սու-25 մարտական օդանաւի հետ կապը կորսուած է:

Ինչպէս կը հաղորդեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութենէն, օդանաւը թռչած է ժամը 10.06-ին` Գիւմրիի օդակայանէն:

Կ՛ընթանան որոնողա-փրկարարական աշխատանքներ։

Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան GALA-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ օդանաւին մէջ երկու զինծառայող կայ: