Վաղուայ Առաջնորդ կը Դառնան Անոնք, Որոնք կը Գիտակցին Աշխարհի Մէջ Կատարուող Սրընթաց Փոփոխութիւններու Կարեւորութիւնը. ՀՀ Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Նոյեմբեր 14-ին, Հռոմի մէջ մասնակցած է «Թուային աշխարհաքաղաքականութիւն. նոր սահմաններ, աճ եւ ազգային անվտանգութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովին:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Դրենդան, գիտաժողովի կազմակերպիչներէն՝ Elettronica Group ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ նախագահ Էնզօ Պենինին, ԱՄՆ 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի անդամ, քաղաքական փորձագէտ Ալէք Ռոսը, գիտական եւ փորձագիտական հանրութեան ներկայացուցիչներ:

Գիտաժողովին ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է ելոյթով: Խօսելով համաշխարհայնացման եւ արագ փոփոխուող աշխարհի մասին՝ ան նշած է, որ աշխարհը այսօր սրընթաց փոփոխութիւններու ականատեսն է: «Աշխարհը ամէն օր աւելի ու աւելի արագ կը փոփոխուի: Մենք ականատես կ՝ըլլանք քուանտային դրսեւորումներու: Եւ վաղը առաջնորդ կը դառնայ ան, որ կը գիտակցի այս փաստը: Համաշխարհայնացումը մեծէն դարձած է աւելի մեծ. ընկերութիւնները, անհատները այլեւս անկասելի են»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Գիտաժողովին ընթացքին մասնաւորապէս քննարկուած են արդիւնաբերութեան թուային այլափոխութիւններուն, նոր իրողութիւններու մէջ պաշտպանական, անվտանգութեան ու տիեզերական ոլորտներու մէջ արձանագրուող փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր: