Իբրեւ Պահեստ, Ախոռ եւ Բրինձի Գործարան Օգտագործուած Հայկական Եկեղեցին Աւերման Եզրին է
Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին աւերման եզրին է: Իր պատմութեան ընթացքին պատմական կառոյցը ծառայած է իբրեւ հացահատիկի պահեստ, ախոռ, իսկ վերջը եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս անմշակ բրինձի գործարան, որու պատճառով ստացած է «Չելթիք քիլիսեսի» («Անմշակ բրնձի եկեղեցի») անուանումը:
Տիարպեքիրի Սուր շրջանի Ալիփաշայ թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին նախապէս կաթողկէ հայերու հաւաքատեղին եղած է: Ան յայտնի է նաեւ «Խդըր–Էլիաս» անունով:
Գրաւոր աղբիւրներուն մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման տարեթիւի վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան, եկեղեցւոյ տարածքին ալ որեւէ արձանագրութիւն չէ պահպանուած: Սակայն յատակագիծքէն եւ որոշ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններէն մեկնած՝ որոշ աղբիւրներ կ՛ենթադրեն, որ եկեղեցին 16-րդ դարու կառոյց է:
Մաքս Ֆոն Պերխեմի «Ամիտա» (Տիարպեքիր) կոչուող գիրքին համաձայն` եկեղեցին կառուցուած է 1515-ին` Տիարպեքիրի բնակիչ օսմանահպատակ հայերու կողմէ եւ կոչուած «Սուրբ Սարգիս»:
Ղուկաս Ինճիճեանի կողմէ 19-րդ դարուն հրապարակուած աշխատութեան մը մէջ կը խօսուի քարաշէն, հնգախորան հայկական եկեղեցւոյ մասին, իսկ Թուրքիոյ ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, պատմաբան Գաբրիէլ Աքիւզը այս եկեղեցւոյ համար կ՛օգտագործէ Մօր Տումեանայ անունը:
