Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու Յայտ Ներկայացուցած է 11 Քաղաքական Ուժ

Հայաստան

ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուելու համար ԿԸՅ (կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ) դիմած է 11 քաղաքական ուժ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին  լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ԿԸՅ նախագահի տեղակալ Արմէն Սմբատեան:

Արմէն Սմբատեան յայտնած է, որ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար առաջադրման յայտ ներկայացուցած են «Իմ քայլը» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, ՀՀԿ-ն, «Մենք» դաշինքը, «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւնը, «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը, «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը, «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը:

Արմէն Սմբատեան վստահեցուցած է, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պատրաստ է Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու պատշաճ մակարդակով իրականացման: «Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը միշտ պատրաստ է»,- ըսած է Սմբատեան: