Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ստորագրած Է Համաներում Յայտարարելու Մասին Օրէնքը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 3-ին  ստորագրած է Ազգային ժողովի ընդունած շարք մը օրէնքներ:

Ան ստորագրած է Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները: