Երրորդ եւ յաջորդ երեխաներու Ծննդեան Համար Տրուող Ամսական Առաւելագոյն Գումարի Չափը Աւելցուած է

Հայաստան

Կառավարութեան նիստին հաստատուեցաւ «Երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը սահմանելու, երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստ նշանակելու եւ վճարելու կարգը հաստատելու մասին» որոշման փոփոխութիւնը:

ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մանէ Թանդիլեանի խօսքով, համաձայն փոփոխութեան, երրորդ եւ յաջորդ երեխաներու ծննդեան համար տրուող ընտանեկան դրամագլուխէն օգտագործուող ամսական առաւելագոյն գումարը 25.000 դրամէն կը բարձրացուի 50.000 դրամ:

«Դրամագլուխը կարելի է տնօրինել երեխայի ծննդեան պահէն սկսեալ՝ նախապէս երեխայի մէկ տարին լրացած ըլլալու փոխարէն: Որոշումը միտուած է 3 եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքներու սոցիալական պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման»,-ըսած է Մանէ Թանդիլեան:

Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ Նոյեմբեր 2-էն սկսեալ: