Արցախի Զբօսաշրջային Ոլորտէն Ներս Յաջողութիւններ Արձանագրուած են

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը մասնաւորապէս ներկայացուած է ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւններու ընթացքին կազմակերպուած տօնավաճառին, ինչպէս նաեւ Հոկտեմբեր 6-13-ը Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ֆրանկոֆոնիա»-ի օրերուն Հայաստանի ու Արցախի զբօսաշրջութեան նուիրուած տաղաւարի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Artsakhpress-ը։

Ֆրանսական զբօսախրջութեան շուկայի մէջ առաւել արդիւնաւէտ ներկայանալու նպատակով տպագրուած է «Արցախ. թաքնուած գանձ» ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկը, որ բաժնուած է «Ֆրանկոֆոնիա»-ի օրերու ընթացքին Հայաստանի անցակէտերու մէջ, տեղեկատուական կեդրոններէն ներս:

«Սեպտեմբերի 14-ից 18-ը կազմակերպուած է հայաստանեան շարք մը զբօսաշրջային գարծարկու ճանաչողական այցը Արցախ, որուն ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են տեղւոյն վրայ ծանօթանալու Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն: Սեպտեմբեր 16-ին կազմակերպուած է արցախեան գինիի հինգերորդ փառատօնը, որ իր յարկին տակ ընդունած է տասնեակ գինեգործներ Արցախէն ու Հայաստանէն եւ 5000-է աւելի այցելու: Տեղի ունեցած շարք մը այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման։