Պաքուն Պատրաստ Չէ Ճշգրիտ Քայլեր Առնելու Ղարաբաղայ–ատրպէյճանական Հակամարտութեան Կարգաւորման Համար. Ստեփանակերտ

Հայաստան

Պաշտօնական Պաքուն պատրաստ չէ ճշգրիտ կառուցողական քայլեր առնելու  ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման համար:

Այս մասին այսօր` Հոկտեմբեր 23-ին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` ի պատասխան NEWS.am–ի թղթակցի խնդրանքին` մեկնաբանել Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութիւնը:

«Շատ շնորհակալութիւն պարոն Մամետեարովին այդքան «արժէքաւոր» առաջարկի համար: Անկեղծ ըսեմ, այլ բան չէինք ալ սպասեր: Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին խօսքին մէջ յստակ կը նկատուի Պաքուի իւրայատուկ գիծը` մէկ կողմէ ձեւացնել, թէ պաստրաստ են պայմանաւորուելու, իսկ միւս կողմէ չհրաժարիլ դրուած նպատակներէն: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նպատակը Արցախը աստիճանաբար, անարիւն իրենց տարածքին մէջ ներառելն է: Նման սենարը ղարաբաղցիները կը զրկէ որեւէ իրաւունքէ, խաչ կը քաշէ Արցախի ապագայի վրայ, իսկ հայ բնակչութիւնը արգելանքի տակ ու առանձնացուած կ՛ըլլայ: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նպատակն է «սպիտակ ցեղասպանութիւն» իրականացնել: Սակայն այդ սենարը պիտի չիրականանայ: Հետեւաբար, բոլոր յայտարարութիւններուն պէտք է ամենայն լրջութեամբ վերաբերիլ, իսկ Արցախի բանակը եւ ժողովուրդը մշտապէս ամբողջական մարտական պատրաստութեան վիճակի մէջ կը գտնուին»,–շեշտած է Բաբայեան:

Յիշեցնենք․ որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «Ռիա Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ՝ անդրադատնալով ԼՂ հակամարտութեան նշած է, որ Ատրպէյճան պատրաստ է առարկայական բանակցութիւնները շարունակելու՝ հակամարտութեան փուլային կարգաւորման գործընթացը սկսելու նպատակով: