ԱՄՆ Դեսպանին Ըսէք, որ Պատմութիւն Սորվի. Արթուր Եղիազարեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀՅԴ ԳՄ անդամ, պատմաբան Արթուր Եղիազարեան՝ դիմատետրի իր էջին գրած է.

«Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսը EVN Report-ի հետ զրոյցին ընթացքին բացառած է Արցախեան հակամարտութեան հարցին կարգաւորումը՝ առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձին»:

Պարոն դեսպանին ըսէք, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ չկան գրաւեալ տարածքներ, ժամանակին կային ազատագրուած տարածքներ, որոնք շատոնց Արցախի սահմանադրութեամբ վարչական շրջաններուն մէջ են եւ կը հանդիսանան Արցախի Հանրապետութեան տարածք։ Ատրպէյճանի կողմէն դեռ գրաւեալ կը մնան Մարտունիի շրջանի արեւելեան որոշ տարածք մը, Մարտակերտի շրջանի դաշտային հատուածի մէկ մասը՝ 7 գիւղերով, ինչպէս նաեւ՝ Շահումեանի ողջ շրջանը։

Հարցազրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտնած է, թէ հայ ժողովուրդը, ի վերջոյ, պէտք է որոշէ` ո՞ր լուծման պատրաստ է ինքը:
Պարոն դեսպանին տեղեկացուցէք, որ հայ Ազգը շատոնց որոշած է՝ Արցախի մէջ տէր կանգնելով իր իրաւունքներուն, պաշտպանելով երկիրն ու ազգաբնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնը՝ ցեղասպան ատրպէյճանցիէն։

Անհրաժեշտ պարագային՝ կրկին կը դիմէ լուծման նոյն ուղիին։

«Ես զարմացած էի, երբ առաջին անգամ այստեղ եկած եմ եւ պարզած, որ ինծի հանդիպած հայերուն մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ եղած է գրաւուած տարածքներու վերադարձին, իբրեւ բանակցային գործընթացի մաս: Զիս կը զարմացնէ այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ քննարկում չկայ ընդունելի լուծման կամ հնարաւոր փոխզիջումներու մասին: Իմ կառավարութեան երկար տարիներու ընկալումը այն էր, որ այդ տարածքները ի սկզբանէ վերցուած էին յետագային «Հող՝ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւի մէջ օգտագործուելու համար: Իսկապէս շատ զարմացած էի յայտնաբերելու, որ այդ տարբերակը այլեւս որեւէ աջակցութիւն չունի»,- ըսած է Ռիչըրտ Միլս:

Պարոն դեսպանին ըսէք, որ պատմութիւն սորվի։ Որ չզարմանայ, երբ հայ մարդը դէմ է բռնագրաւուած իր պատմական հայրենիքին մէկ մասը ազատագրելէ  (ոչ թէ գրաւելէ) ետք՝ չի պատրաստուիր վերականգնուած պատմական արդարութենէն հրաժարելու։ Հաւաքածոյ բնակչութեամբ պետութիւն դարձած ԱՄՆ-ի պաշտօնեային հաւանաբար անհասանելի է հազարամեակներով իր բնօրրանին մէջ ապրող բնիկ հայ ազգի հոգեզգացողութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի ժամանակին (1991-1994թթ.) այդ տարածքները ազատագրելուն, ռազմավարական առումով անիկա իրագործուեցաւ՝ պաշտպանելու Արցախի բնակավայրերը ռմբակոծումէ ու հրթիռակոծումէ։ Մի՞թէ ԱՄՆ-ի անիրազեկ պաշտօնեան կրնայ երաշխաւորել, որ նոյնը պիտի չկրկնուի։

Ան նշած է, որ կը հասկնայ, որ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը ալ աւելի սրած է հայերուն ընկալումները: «Սակայն դաժան իրականութիւնը այն է, որ ցանկացած կարգաւորում պիտի պահանջէ գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձ»,- ըսած է ԱՄՆ դեսպանը:

ԱՄՆ-ի դեսպանին ըսէք, որ եթէ կը հասկնայ, որ ոչինչով փոխուած է ցեղասպան, դիակի ականջ ու գլուխ կտրող ատրպէյճանցին, ինչի վկայութիւնն էր 2016-ի Ապրիլը, ուրեմն ինչո՞ւ անիմաստ ու սխալ բաներ կը խօսի։

Այո, համամիտ եմ, որ դաժան իրականութեամբ է, որ օր մը խնդիրը պիտի լուծուի. Ատրպէյճանի կողմէ նոր պատերազմ սկսելու պարագային՝ Հայոց Բանակը պիտի հասնի Ատրպէյճանի մայրաքաղաք, եւ անոնց կողմէ անձնատւութեան դաշինքը (capitulation) ստորագրուելէն յետոյ՝ դուրս պիտի գայ գրաւեալ տարածքներէն՝ պետական սահման դարձնելով Կուր գետը:

Այդ ոչ ցանկալի, բայց պարտադրուած պատերազմը կը կոչենք «Պատերազմ՝ յանուն վերջնական խաղաղութեան», պարոն դեսպան»։